Սիրելի հաւատացեալներ,
Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, վաղը՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածյայտնութեան ութերորդ օրը, ծանօթ է որպէս Իր Անուանակոչութեան տօնը, երբ Տաճար տարուելով կոչուեցաւ Յիսուս, այնպէս ինչպէս Գաբրիէլ հրեշտակը աւետարանած էր Սուրբ Կոյս Մարիամին (Մտ 1.21)։
Նախ քան տօնին անդրադառնալը, եկէ՛ք ծանօթանանք Սուրբ Գրքի ըմբռնումով անունի հասկացողութեան։ Արդարեւ, Անունը անձն իսկ կը բնորոշէ իր էութեամբ եւ առաքելութեամբ։ Նախահայր Ադամ իր կինը կոչեց Եւա, որ կը նշանակէ կեանք, որովհետեւ ա՛ն է բոլոր կեանքերու մայրը (Ծն 3.20)։ Աստուած Ապրամ նահապետի անունը, որ կը նշանակէր փառաւորեալ նախահայր, փոխեց Աբրահամի, որ կը նշանակէ ազգերու նախահայր (Ծն 17.5)։ Աբրահամ եւ Սառա իրենց զաւկին անունը կոչեցին Իսահակ, որ կը նշանակէ ուրախութիւն, ինչպէս Սառան ըսաւ․ «Աստուած ուրախացուց զիս, ով որ լսէ [այս տարիքիս զաւակ ունենալը] հետս պիտի ուրախանայ (Ծն 21.6)։ Սուրբ Գիրքը ոչ միայն անձերու, այլ վայրերու մասին եւս նման թանկագին տեղեկութիւն կը հայթայթէ մեզի։ Այսպէս, Յակոբ Նահապետ Բեթէլ կոչեց այն վայրը, ուր իր երազին մէջ աստիճան մը տեսաւ, որ մինչեւ երկինք կը հասնէր եւ հրեշտակները անոր վրայէն վեր կը բարձրանային ու կ՛իջնէին։ Բեթէլ կը նշանակէ Աստուծոյ տունը (Ծն 28 12-18)։
Արդ, երբ կը տօնախմբենք անուանակոչութիւնը աստուածային ծագումով, եւ ըստ Մարկոսի Աւետարանին (Մկ 3.35) մեր բնութենակից եղբօր՝ Յիսուս Քրիստոսի, որ կը նշանակէ Փրկիչ եւ Օծեալ, ո՛չ միայն անցեալի դէպք մըն է որ կ՛ոգեկոչենք, այլ նաեւ կ՛անդրադառնանք հասարակաց մեր անունին, որ է՝ Քրիստոնեայ։ Մկրտութեան Խորհուրդին ընթացքին եկեղեցականը հետեւեալ աղօթքը կ՛ընէ. «Ո՛վ Տէր, երկնային շնորհովդ լեցուր այս երախան. ուրախացուր զայն՝ քու ամենաբարի անունդ՝ Քրիստոնեայ կոչումը շնորհելով իրեն»։ Ասիկա կը նշանակէ, թէ միլիոնաւոր ու միլիառաւոր անձեր իրենց ծննդեան անունը վայելելով մէկտեղ, հասարակաց անուն ունին՝ Քրիստոնեայ, որ կը նշանակէ որ կը պատկանինք Քրիստոսի՝ Օծեալ Աստուծոյ (Ա Յհ 2.27)։ Այս անունը ո՛չ միայն մեր անձը կը բնորոշէ, այլ նաեւ մեր առաքելութիւնը՝ ցոլացնելու աշխարհի Լոյսը՝ Քրիստոս, եւ կենդանի Աստուծոյ գիտութիւնը, ապրուած Հաւատքով, Յոյսով ու Սիրով ներշնչելու, եւ Աստուծոյ Շնորհքով փրկելու բոլոր անոնք որոնք գերեվարուած կը մնան անգիտութեան, անտարբերութեան ուրացումի եւ յուսահատութեան մեղքի մէջ։
Այս մեծ տօնին առթիւ, սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, թարմացնելով մեր հասարակաց Քրիստոնեայ անունին առաքելութիւնը, աշխուժացնենք աստուածապարգեւ զօրութիւնը այս սուրբ անունին, որ մեզի տրուած է ձրիաբար ու առանց նախապայմանի, եւ կորուսեալ դրախտը գտնենք Անոր մէջ որ մեզ իր եղբայրները եւ քոյրերը կոչեց։
Փա՜ռք Իր սուրբ անուան։
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ