ԿԱՐՊ ԽԱՉՎԱՆՔԵԱՆ (ծնունդ՝ 23 Յունուար, 1923)
Կարպ Խաչվանքեան Հայաստանի մէջ յատկապէս յայտնի եղած է կատակերգական իր դերերով Հայաստանի մէջ, որոնք զինք դարձուցած են անցեալ դարու երկրորդ կէսի հայ բեմի ամենէն ծանօթ կատակերգակներէն մէկը։
Կարպ (բուն անունով՝ Կարապետ) Խաչվանքեան ծնած է Ախալցխա (Ջաւախք, Վրաստան)։ 1928ին տեղափոխուած է Թիֆլիս ընտանիքին հետ։ 1941-1944ին սորված է Թիֆլիսի շարժապատկերի արուեստանոցին կից դերասանական դպրոցին մէջ։
1944ին փոխադրուած է Երեւան եւ շարունակած է դերասանական գործունէութիւնը Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական կատակերգութեան պետական թատրոնին մէջ մինչեւ իր կեանքին վերջը։ 1984-1988ին թատրոնի գեղարուեստական ղեկավարն ալ եղած է։ 1957ին Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտի կոչման արժանացած է։
Զուարթախոհութեան, կշռոյթի նուրբ զգացողութեան, շեշտուած անհատականութեան, յախուռն խառնուածքի եւ երաժշտականութեան շնորհիւ նոյն յաջողութեամբ անձնաւորած է կատակերգական եւ երաժշտական շարք մը կերպարներ։ Կարպ Խաչվանքեանի խաղացած աւելի քան 100 դերերը միշտ ծիծաղ պատճառած են հանդիսատեսին: Անոր ցանկին մէջ եղած են հայ (Յակոբ Պարոնեան, Ժորես Անանեան, Արամաշոտ Պապայեան, եւ այլն) եւ օտար թատերագիրներ (Ուիլիըմ Շէյքսփիր, Պեռնար Շօ, Գարլո Կոլտոնի, Մոլիէռ, Պերթոլտ Պրեխտ եւ շատ ուրիշներ)։
Խաղացած է դասական գրեթէ բոլոր օփերէթներուն մէջ, սակայն առանձնակի վերաբերմունք ունեցած է հայկական օփերէթներու եւ երաժշտական կատակերգութիւններու հանդէպ: 1949 թուականէն նկարահանուած է «Հայֆիլմ» արուեստանիցի ֆիլմերուն մէջ («Արարատեան դաշտի աղջիկը», «Պատուի համար», «Ճանապարհ դեպի կրկէս», «Ատամնաբոյժն արեւելեան» եւ այլն: Բեմադրած է 13 թատերախաղ։
1998ին ստացած է «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը։ Մահացած է 23 Յունուար, 1998ին, Երեւանի մէջ։