Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
Տասնամեակներէ ի վեր Յունուար 18էն 25 երկարող շրջանը Քրիստոնէութեան Միութեան աղօթքի շաբաթ յայտարարուած ըլլալով, երկու օր առաջ՝ Երեքշաբթի երեկոյ, World Trade Centerի մօտ գտնուող St. Nicholas եկեղեցւոյ մէջ Միջ-եկեղեցական արարողութիւն տեղի ունեցաւ, կազմակերպութեամբ Ուղղափառ Յոյն Եկեղեցւոյ Առաջնորդարանին, եւ մասնակցութեամբ շրջանի հոգեւոր պետերուն եւ ժողովուրդին։
Այս առթիւ, օրուան Աւետարանի ընթերցումը ճշդուած էր Մատթէոս 25․31-46, ուր մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ամենէն գործնական ուսուցումը կ՛ընէ, Իր աշակերտի կերպարը նկարագրելով։ Ան կ՛ըսէ․ «Անօթի էի եւ զիս կերակրեցիք, ծարաւ էի եւ ջուր տուիք, օտարական էի եւ ընդունեցիք զիս, մերկ էի եւ հագցուցիք ինծի, հիւանդ էի եւ հոգ տարիք ինծի, բանտի մէջ էի եւ այցելեցիք ինծի»: Ապա կ՛աւելցնէ․ «Կ’ըսեմ ձեզի, որովհետեւ իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն ըրիք, ինծի ըրած եղաք»։
Մինչ եպիսկոպոս մը այս հատուածի ընթերցումը կ՛ընէր, այս պատգամի խորքը թափանցելու նոր հասկացողութիւն մը լուսաւորեց միտքս ու հաւատքս։ Ընդհանրապէս, եկեղեցւոյ միութիւնը կ՛ըմբռնենք վարչական, դաւանաբանական, փոխադարձ յարգանքի եւ այլ ձեւերով։ Իւրաքանչիւր եկեղեցի առ հասարակ տարբեր ճամբաներ ու միջոցներ կը փնտռէ հիմնաւորելու համար իր եկեղեցւոյ ուղղափառութիւնը, քան այլ եկեղեցիներ։ Միջ-եկեղեցական աղօթքի շրջագծին մէջ ընթերցուած մեր Տիրոջ խօսքը լսելով, տարբեր համոզում մը գոյացաւ մէջս, թէ բոլորս ալ՝ Քրիստոսի Մարմնի անդամները, երբ մեր սէրն ու հաւատարմութիւնը ի Քրիստոս գործնականացնենք այնպէս ինչպէս Ի՛նք կը սորվեցնէ, Միութիւնը կը դադրի երազ ըլլալէ եւ կը դառնայ գործօն իրականութիւն մը։
Արդարեւ, որքան մեր Տիրոջ պրիսմակէն դիտենք բոլոր բարի բաներու իրականացումը, այնքան աւելի հաւատարիմ Աշակերտները կ՛ըլլանք Երկնաւոր Վարդապետին։
Հետեւաբար, անդադար կրկնենք Տէրունական աղօթքի խնդրանքը՝ «Քու կամքդ թող ըլլայ», ի խնդիր մարդկութեան բարօրութեան եւ ի փառս Աստուծոյ։