Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԹՐՈՅԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Կիրակի, 22 Յունուարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, այցելեց Թրոյի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ գաղութը։ Սրբազան Հայրը մասնակցեցաւ Սուրբ Պատարագին, քարոզեց եւ ուրար կրելու իշխանութիւն շնորհեց եկեղեցւոյ երիտասարդ ծխականներէն Սարօ Գարակէօզեանին։  Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ այցելու հովիւ՝ Արժպ. Տ. Կոմիտաս Ա. Քհն. Պաղսարեան։ Սրբազան Հայրը գնահատեց եկեղեցւոյ հանդէպ Սարոյի սէրն ու նուիրուածութիւնը,  զորս ստացած է ծնողքէն՝ տէր եւ տիկ. Անդրանիկ եւ Ռիթա Գարակէօզեաններէն, որոնք իրենց կարգին ուրախութեամբ կը ծառայեն եկեղեցւոյ։