Ի ՅԻՇԱՏԱԿ

ՓԻԹԸՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ (16 Սեպտեմբեր 1926 – 20 Յունուար 2023)

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները ցաւով իմացան Փիթըր («Տաք») Պետրոսեանի մահը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 20 Յունուարին, Ռոտ Այլընտի մէջ։

Հանգուցեալ Փիթըր Պետրոսեան ծնած էր Փրաւիտընս եւ Մեծ Եղեռնի վերապրողներ Եղիշէ եւ Բերսաբէ Պետրոսեաններու երեք որդիներէն մէկն էր։ 1951ին ամուսնացած էր Օփի Ասատուրեան-Պետրոսեանի հետ, որ մահացած է 2012ին, 61 տարուան ամուսնութենէ ետք։ Հանգուցեալին եղբայրները՝ Տոնըլտ եւ Գառնիկ, նոյնպէս մահացած են։

Փիթըր Պետրոսեան Բ. Աշխարհամարտի վեթերան էր եւ 40 տարի սեփականատէրն ու նախագահը եղած է Փրաւիտընսի Narragansett Screw Companyին, մինչեւ իր հանգստեան կոչուիլը 1999ին։ Ան  լայն մասնակցութիւն ունեցած է Փրաւիտընսի համայնքային կեանքին մէջ։ Գործօն անդամ էր Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ, ուր երկար տարիներ հոգաբարձութեան անդամ եւ ատենապետ եղած է։ Գլխաւորած է նաեւ պազարի յանձնախումբը եւ երկար ժամանակ պասքէթպոլի խումբը մարզած է։  Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան պատուոյ անդամ էր։ Ան նաեւ Արեւելեան Թեմի Ազգային Վարչութեան անդամ եղած է 2001-2003ին։

Փիթըր Պետրոսեան ունեցած է երկու դուստրեր՝ Տոննա Է. Ատամ եւ Ժան Պիլզերեան, եւ երեք թոռներ։ Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 26 Յունուարին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Փրաւիտընս), որուն հետեւեցաւ թաղումը՝ զինուորական պատիւներով, քաղաքի Swan Point գերեզմանատան մէջ։ Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները Աստուծոյ մխիթարութիւնը կը հայցեն հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն համար։

Աստուած հոգին լուսաւորէ։