Ի ՅԻՇԱՏԱԿ

ՀԱՅԿ ՏԻՏԻԶԵԱՆ (1930-2023)

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովները ցաւով տեղեկացան, որ գործարար եւ բարերար Հայկ Տիտիզեան իր մահկանացուն կնքած է 17 Յունուարին։

Հայկ Տիտիզեան ծնած էր Երուսաղէմ, 1930ին, Մեծ Եղեռնէն վերապրողներու ընտանիքի մը մէջ։ Յաճախած է Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանը եւ ապա՝ Սէն Ճորճ անգլիական դպրոցը։ 1947ին ուսումը շարունակած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին։ 1952ին սկսած է աշխատիլ գործածուած հագուստներու ընտանեկան գործին մէջ։ 1960ական թուականներու կէսերուն, աշխատանքը ընդարձակած էր, ընդգրկելով զինուորական հագուստներ եւ կօշկեղէն, որոնք կը մատակարարուէին տարբեր կառավարութիւններու։ 1980ական թուականներուն, արդէն մտած էր ուտելիքներու պատրաստութեան եւ բաշխման ասպարէզին մէջ։

1964ին ամուսնացած է Էլզա Ազիրեանի հետ, որուն հետ ունեցած է երեք զաւակներ։ Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի պայթումին հետեւանքով, 1975ին փոխադրուած են Զուիցերիա, իսկ յաջորդ տարի՝ Լոնտոն։

Հայկ Տիտիզեան իր գործարարի ասպարէզի սկիզբներէն տուած է իր բաժինը համայնքին, օգնելով որբերու, աղքատ երեխաներու եւ կարիքաւոր ընտանիքներու։ Կարեւոր նուիրատուութիւններ կատարած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին։

Ի շարս այլ բարերարութեանց, Տիտիզեան ամոլը հովանաւորած է «Գարեգին Ա. աստուածաբանական եւ հայագիտական մատենաշար»ի հրատարակութիւնը, խմբագրուած՝ դոկտ. Վազգէն Ղուկասեանի (հայերէն) եւ Այրիս Փափազեանի (անգլերէն) կողմէ, երկու աստուածաբանական կեդրոններու շինութիւնը՝ Ս. Էջմիածնի եւ Ս. Ներսէս ճեմարանի Արմոնքի (Նիւ Եորք) կեդրոնին մէջ, Սինկափուրի Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ պահպանումը, սկաուտական կեդրոնի մը շինութիւնը Պուէնոս Այրէսի մէջ, ինչպէս նաեւ այլ ազգայիններու հետ՝ Տաքայի (Պանկլատէշ) Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ (շինուած՝ 1781ին) եւ Եանկոնի (Միանմար) Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ (շինուած՝ 1862ին) պահպանումը։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, յանուն Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներուն, հեռաձայնով ցաւակցութիւններ յայտնեց տիկ. Էլզա Տիտիզեանին։

Աստուած Հայկ Տիտիզեանի հոգին լուսաւորէ։