ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՅՈՎՆԱՆԵԱՆ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆԸ
Երեքշաբթի, 24 Յունուարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընդունեց Նիւ Ճըրզիի «Յովնանեան» վարժարանի ժամանակաւոր տնօրէն՝ պրն. Քրիսթոֆըր Սարաֆեանի այցելութիւնը։ Հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան։ Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան դպրոցին ու ընդհանրապէս մեր շրջանի կրթական գործունէութեան հետ կապուած հարցեր։