Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ ԱՐՑԱԽԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՍՈՒԼԻՍԻ ՄԸ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 1ին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս հետեւեցաւ առցանց ասուիլիսի մը՝ «Կանխելով երկրորդ հայոց ցեղասպանութիւն մը» խորագրուած, որուն մասնակիցներն էին ծերակուտական Քրիս Վան Հոլլըն (Մէրիլէնտ), Արցախի պետական նախարար՝ Ռուբէն Վարդանեան, եւ Ամերիկայի Հայկական Համամգումարի համա-ատենապետ՝ Վան Գրիգորեան։ Քննարկումը կը համակարգէր Գոլումպիա համալսարանի խաղաղութեան կառուցման եւ մարդկային իրաւանց ծրագրի տնօրէն՝ Տէյվիտ Ֆիլիփս, որ նոյն համալսարանի Արցախի խժդժութիւններու ուսումնասիրութեան ծրագրի ղեկավարն է։