Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը

ԱՍՏՈՒԱԾԱԴԻՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐԵԼ

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Վաղը, Ուրբաթ օր, Հայ Եկեղեցոյ տօնացոյցին համաձայն, Յիշատակի Օրն է Յովնան մարգարէին, որուն կեանքի ոդիսականը մնայուն վէճի առարկայ է բոլոր անոնց միջեւ, որոնք տառացի կ՛ընդունին եւ անոնց որոնք առասպել կը նկատեն զայն։

Նպատակս երբե՛ք քննարկել չէ անոր վաւերականութիւնը, ինչ որ պարզ խորհրդածութեան սահմաններէն շատ հեռու է, այլ՝ անդրադառնալ ճշմարտութեան մը, որ անվիճելի է բոլոր սերունդներուն համար։

Յովնան մարգարէն Ամենակալ Աստուծոյ կողմէ իրեն վիճակուած առաքելութիւնը կատարելէ ետք, Նինուէ քաղաքի հանդիպակաց արեւելեան կողմը դդմենիի մը շուքին տակ ապաստան կը գտնէ։ Յաջորդ օր, երբ թուփը խորշակի մը պատճառաւ կը չորնայ եւ կիզիչ արեւր տապահար կ՛ընէ մարգարէն, ան կ՛ըսէ․ «Աւելի լաւ էր որ մեռնէի քան այս կեանքը ապրէի»։ Այս գանգատին դիմաց, Աստուած հարց կու տայ իրեն. «Արդա՞ր է որ բարկանաս այս թուփին համար»։ Յովնան կը պատասխանէ. «Այո՛, մեռնելու աստիճան»։ Ապա Տէրը կ՛ըսէ իրեն. «Դուն մտահոգ ես թուփով, որուն համար երբեք չաշխատեցար, գիշերը բուսաւ եւ յաջորդ առտուն չորցաւ։ Հապա Ես պէտք չէ՞ մտահոգուիմ Նինուէի մասին, ուր հարիւր եւ քսան հազար անձեր կ՛ապրին» (Յովնան 4.4-11)։

Հին Կտակարանի մէջ երկխօսութիւնը Աստուծոյ եւ մարդոց՝ Ադամ ու Եւայէն մինչեւ Նոյ, Աբրահամ, Մովսէս եւ այլ ընտրեալ անձերու միջեւ իւրայատուկ երեւոյթ է։ Այս մէկը ամենէն ուշագրաւ հատուածներէն մին է, ուր այնքան ցցուն կերպով երեւան կու գայ տարբերութիւնը. մէկ կողմէ՝ անձնուրաց, բոլորին համար հոգատար Արարիչի պատկերը, իսկ միւս կողմէ՝ եսակեդրոն անձի կերպարը։ Իրա՛ւ որ կոթողական օրինակ մըն է այս երկխօսութիւնը աստուածային այն հաստատումին, զոր Եսայի մարգարէի միջոցաւ պատգամեց, ըսելով․ «Իմ մտածումներս ձեր մտածումները չեն, եւ ո՛չ ալ ձեր ճամբաները նման են իմ ճամբաներուս» (Ես 55.8-9)։

Որքա՜ն ողբալի ենք Աստուածային Պատկերը կրողներս, հետապնդելով սահմանափակ բաներ, մինչ Երկնաւոր Հայրը պատրաստած ու խոստացած է յաւերժական բարիքներ բոլորիս համար։ Որքա՜ն ցաւալի ենք որ մինչ կորսուելիք բաները կը հետապնդենք, անդին անկորնչելի բաները կը կորսնցնենք գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար։ Հին Կտակարանի այս պարզ եւ ամենէն կարճ այսպէս կոչուած գիրքը, անխտիր կը հրաւիրէ բոլորս անկախ կրօնի, գոյնի եւ սեռի բոլոր տարբերութիւններէն, մեր կեանքի գիրքը լեցնելու աստուածահաճոյ բարի մտածումներով ու գործերով, մե՛ր իսկ յաւերժական բարիքին համար։

Երբ այս գեղեցիկ երկխօսութիւնը կը կարդայի Տիրոջ եւ իր ծառային՝ Յովնանին միջեւ, ելեկտրոնային նամակ մը ստացայ, ուր կարդացի հետեւեալը․ «Լեմքին՝ Ցեղասպանութեան Հիմնարկը ցնցուած ու սարսափած է ի լուր անգլիական հանրածանօթ BBC ձայնասփիւռի “HARDtalk” յայտագրի խօսնակ՝ Ստիվըն Սաքուրի վարած հարցազրոյցին, Արցախի պետական նախարար՝ Ռուբէն Վարդանեանի հետ, սփռուած ընթացիկ տարւոյս Յունուար 23ին, որով տխրահռչակ լրատուն երկու «գործնական առաջարկներ» ներկայացուցած է Արցախի հայութեան։

Ատրպէյճանի բռնատիրական իշխանութեան գլուխը կանգնած նախագահ Իլհամ Ալիէւի Արցախի շղթայազերծած պաշարումին ակնարկելով, Սաքուր հարց կու տայ նախարար Վարդանեանին․ «Բերկայիս փոքրիկ հողամասի մը վրայ կ՛իշխէք, որ կը տառապի տնտեսական շրջափակման պատճառաւ։ Իրապաշտ միակ լուծումը դուրս գալու այս իրավիճակէն կա՛մ քաղաքական լուծում գտնելն է Ատրպէյճանի հետ, եւ կա՛մ Արցախի ժողովուրդը, նկատելով որ այլեւս անկարելի է ապրիլ այդ վայրին մէջ, ձգել ու հեռանալն է։ Ուստի, ի՞նչ է ձեր ընտրանքը՝ քաղաքական համաձայնութի՞ւն, թէ լքել ու հեռանալ»։

Ո՛չ մէկ կասկած որ BBCի ամբողջ մեքանիզմը, որ ժամանակին միջազգային համբաւ կը վայելէր անկողմնակալութեան եւ ճշմարտութեան, ներկայիս Պաքուէն հոսող քարիւղով կը գործէ։

Ամենակալ եւ Բարեգութ Արարիչ Աստուծոյ պատգամը, ինչպէս անցեալին Յովնան մարգարէին, այսօր եւս նոյնն է աշխարհին, թէ՝ «Միթէ պիտի չմտահոգուի՞մ Արցախով, ուր հարիւր եւ քսան հազարէ աւելի մարդիկ կը բնակին․․․»։

Ան որ ականջ ունի լսելու, թող լսէ, կ՛ըսէ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս (Մտ 7.13-14)։

Արցախցիներու DNAը նոյնն է՝ երէկ, այսօր եւ վաղը։