Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵՓՐԵՄ ԱՐՔ. ԹԱՊԱԳԵԱՆԻ ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՄԱՆ ԵՒ ԹԱՂՄԱՆ

Չորեքշաբթի, 1 Փետրուարի երեկոյեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երիցագոյն միաբաններէն, Արեւմտեան Թեմի վաստակաւոր նախկին Առաջնորդ՝ Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեանի (1941-2023) թաղման եկեղեցւոյ կարգն ու վերջին օծումը:

Այս առիթով Ս. Պատարագ մատոյց եւ վերջին օծման կարգին նախագահեց Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպիսկոպոս, աղօթակից ունենալով Արքեպիսկոպոսներ, Վարդապետներ, Քահանաներ, ազգային ու համայնքային ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու բազմութիւն մը:

Վախճանեալ Տ. Եփրեմ Արքեպիսկոպոսի տան կարգին նախագահեց Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, իսկ եկեղեցւոյ կարգին նախագահեց Գանատայի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս, որ կարդաց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի՝ լուսահոգի Տ. Եփրեմ Արքեպիսկոպոսի կեանքն ու ծառայութիւնը գնահատող ցաւակցագիրը:

Հինգշաբթի, 2 Փետրուարի առաւօտեան, Հոլիվուտի Ֆորեսթ Լոն գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ վախճանեալ Սրբազան Հօր թաղման կարգը։

Հոգելոյս Եփրեմ Արք. Թապագեան ծնած է Պէյրութ, 1941ին։ Դպրեվանք մտած է 1956ին եւ շրջանաւարտ եղած՝ 1963ին, այդ տարի ձեռնադրուելով կուսակրօն քահանայ։ 1965ին ստացած է վարդապետական աստիճանը եւ նշանակուած՝ Իրանա-Հնդկաստանի Թեմի առաջնորդական տեղապահ։ 1968-1971ին բարձրագոյն ուսման հետեւած է Փարիզի Կաթողիկէ Հիմնարկին մէջ, ուր 1971ին պաշտպանած է դոկտորական աւարտաճառը՝ Յովհան Մանդակունի Կաթողիկոսի ճառերու ֆրանսերէն թարգմանութիւնը՝ “Les Sermons de Jean Mandakuni” խորագրով (լոյս տեսած է 2000ին, Անթիլիասի մէջ, “Les Homélies du Catholicos Hovhan Mandakuni” խորագրով)։ Եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրօնական Ժողովի ատենապետ եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր։

1973ին, առաքուած է Գալիֆորնիա իբրեւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ (Էնսինօ) հոգեւոր հովիւ մինչեւ 1977։ Դպրեվանքի եւ Լիբանանի ազգային վարժարաններու մէջ սկսած իր ուսուցչական պաշտօնը շարունակած է Գալիֆորնիա, դասաւանդելով «Ֆերահեան» վարժարանին մէջ։ 1977ին ընտրուած է Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ, յաջորդելով հոգելոյս Սմբատ Արք. Լափաճեանին։ 1980ին ձեռնադրուած է եպիսկոպոս՝ Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսի կողմէ։

Իր ութամեայ պաշտօնավարութեան ընթացքին (1977-1985), Եփրեմ Արքեպիսկոպոս Արեւմտեան Թեմի բուռն ծաղկման մղիչ ուժ հանդիսացած է։ Ազգային Առաջնորդարանը ունեցած է իր սեփական շէնքն ու հիմնադրամը, եւ միաժամանակ զարկ տրուած է դպրոցաշինութեան եւ եկեղեցաշինութեան։

1990ական թուականներու վերջերուն եւ 2000ական թուականներու սկիզբը եղած է Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու Կաթողիկոսական Փոխանորդ։

Հոգելոյս Սրբազան Հայրը հեղինակած է քանի մը հայերէն աշխատութիւններ՝ «Աւետարանի ճամբով» (նուիրուած՝ հայերէն Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան 300ամեակին», Լէոն Թոլթոյի «Պատմուածքներ»ու թարգմանութիւնը, եւ, մանաւանդ, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ շարականներու աշխարհաբարի վերածումը։