Շաբաթ, 5 Փետրուարին, «Մուրատ» ազգ. շաբաթօրեայ վարժարանը (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) սկսաւ «Ծափիկ-թաթիկ» ծրագիրը, 18 ամիսէն մինչեւ 3 տարեկան երեխաներու համար, աւելի քան տասնեակ մը մանուկներու մասնակցութեամբ։ Իւրաքանչիւր դաս 45 վայրկեան կը տեւէ եւ զայն կը վարեն երաժշտութեան ուսուցիչ Ռաֆֆի Ռշտունի եւ դպրոցի տնօրէնուհիներէն Լալա Աթթարեան։
Դասը ուղղուած է երեխաներուն առիթը տալու՝ ուշադրութեան իրենց կարճատեւ ծիրին մէջ, հայերէնախօսութիւնը եւ ընկերային ու ճանաչողական կարողութիւնները զարգացնելու՝ շարժումներու, երաժշտութեան, պատմութիւններու միջոցաւ, միաժամանակ զուարճութեան պահ մը անցընելով իրենց տարեկիցներուն հետ։