Մեր ծուխերէն

ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 31 Յունուարին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) իր տարեկան կազմակերպական ժողովը ունեցաւ քոյր կազմակերպութիւններու եւ եկեղեցւոյ յանձնախումբերու մասնակցութեամբ։ Տարին մէկ անգամ, այս ժողովը կը գումարուի տարեկան գործունէութիւնը համակարգելու նպատակով։ Այս առիթով, ի շարս այլոց, խօսուեցաւ տարեկան ժամանակացոյցի, ընդհանուր հետաքրքրութեան նիւթերու, եկեղեցւոյ յայտագիրներու եւ յառաջիկայ ձեռնարկներու մասին։