Տօներ

ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋ

Հինգշաբթի, 14 Փետրուարին, Հայց. Եկեղեցին կը տօնէ Տիրոջ քառասնօրեայ գալուստը տաճար՝ Տեառնընդառաջը (նաեւ ծանօթ՝ Տէրընտէզ  ժողովրդական անունով)։ Այս տօնը միշտ կը նշուի 14 Փետրուարին՝ Ս. Ծնունդէն 40 օր ետք։

Այդ օր Մարիամ եւ Յովսէփ մանուկ Քրիստոսը ընծայեցին տաճար՝ ըստ մովսիսական օրէնքի (տե՛ս Թիւեր, 18:15)։ Տաճարին մէջ, Սիմէոն անունով աստուածավախ մարդ մը, որուն յայտնուած էր, թէ մահը պիտի չտեսնէր մինչեւ չտեսնէ Տիրոջ Օծեալը,  Սուրբ Հոգիէն առաջնորդուած, ան երբ տաճար գնաց, դիմաւորեց Յիսուսը։ Զայն իր ձեռքը առաւ եւ զԱստուած գովաբանելով ըսաւ.

« – Այժմ, ո՛վ Տէր, համաձայն քու խոստումիդ՝

ձգէ՛ որ ծառադ խաղաղութեամբ մեռնի.

որովհետեւ աչքերովս տեսայ Փրկիչը

որ ղրկեցիր բոլոր ժողովուրդներուն,

որպէս լոյս՝ հեթանոսները լուսաւորելու

եւ քու ժողովուրդիդ՝ Իսրայէլի փառք ըլլալու» (Ղկ 2: 22-40):

Որոշ հայկական նախաքրիստոնէական սովորութիւններ մտած են այս տօնին մէջ, որոնցմէ մէկը՝ խարոյկ վառելը, մնացած է մինչեւ օրս, յատկապէս Միջին Արեւելք եւ Հայաստան, ներկայիս վերակենդանացած է Միացեալ Նահանգներու մէջ նաեւ։ Նախատօնակին, խորանէն բոցով մը՝ խարոյկ կը վառենք եկեղեցիէն դուրս։ Երիտասարդներ, յատկապէս՝ նորապսակներ, կրակին շուրջ կը հաւաքուին եւ, երբ բոցերը կը սկսին մարիլ, կը ցատկեն բոցերուն վրայէն։ Խարոյկին լոյսը կը խորհրդանշէ Քրիստոսը, որ յաւերժական Կեանքը եւ աշխարհի Լոյսն է։ Ուր որ հնարաւոր է, եկեղեցիէն վառած մոմեր, երբեմն լամբեր կը փորձեն տուն հասցնել՝ Քրիստոսի լոյսով բնակարանը լուսաւորելու համար։