Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՀՐԱՆՏ ՄԱԹԵՒՈՍԵԱՆ (ծնունդ՝ 12 Փետրուար, 1935)

Ծնած է 12 Փետրուար, 1935ին, Թումանեանի շրջանի Ահնիձոր գյուղը (այժմ՝ Լոռիի մարզին մէջ): Սորված է գիւղի դպրոցը, ապա կրթութիւնը շարունակած՝ Կիրովականի (այժմ՝ Վանաձոր) մանկավարժական ուսումնարանին մէջ։ 1952ին տեղափոխուած է Երեւան, ուր իբրեւ գրաշար աշխատելէ ետք, 1958-1962ին ուսանած է Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական հիմնարկի պատմա-լեզուա-գրական ճիւղին մէջ։ 1965-1967ին հետեւած ու աւարտած է Մոսկուայի բեմագրութեան բարձրագոյն դասընթացքները։

Հրանտ Մաթեւոսեան գրական ասպարէզ իջած է 1961ին «Ահնիձոր» ակնարկով, որ մեծ աղմուկ յառաջացուցած է։ Առաջին ժողովածուն՝ «Օգոստոս», լոյս տեսած է 1967ին։ Անոր հետեւած են ուրիշ գործեր՝ «Մենք ենք, մեր սարերը» (1968), «Մեր վազքը» (1978), «Ծառերը» (1978), «Տէրը» (1983)։ Իր երկերուն մէջ, նկարագրած է ժամանակակից գիւղին եւ գիւղացիին ծանր վիճակը, իսկ հետագայ ամբողջ ստեղծագործութիւնը կապուած է գիւղին եւ գիւղացիին հետ։

Արձակագրի երկերուն վրայ հիմնուելով եւ անոր գրած բեմագիրներով, «Հայֆիլմ» շարժապատկերի արուեստանոցին մէջ նկարահանուած են «Մենք ենք, մեր սարերը» (1969), «Օգոստոս» (1976), «Աշնան արեւ» (1977) եւ «Տէրը» (1984) գեղարուեստական ժապաւէնները: «Մեծ աշխարհի մեր անկիւնը», «Չէզոք գոտի», «Մեծամօր» եւ այլ գործեր ունեցած են թատերական բեմադրութիւններ։

1984, Հ. Մաթեւոսեան շահած է թէ՛ Հայաստանի պետական մրցանակը՝ «Մեծ աշխարհի մեր անկիւնը» գործին համար, եւ թէ՛ Խորհրդային Միութեան պետական մրցանակը՝ «Քո տոհմը» ժողովածուին համար։ 1996ին պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով։

1996-2000ին Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահը եղած է։ Ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են բազմաթիւ լեզուներու, ներառեալ՝ անգլերէն եւ ֆրանսերէն։

Հրանտ Մաթեւոսեան մահացած է 18 Դեկտեմբեր, 2002ին, Երեւանի մէջ, թաղուած է Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ։ 2004ին Հայաստանի Գրողների Միութիւնը սահմանած է Հրանտ Մաթեւոսեանի անուան մրցանակ: Երևանի մէջ դպրոց մը եւ փողոց մը կը կրեն անոր անունը։ Անտիպ կարգ մը գործեր հրատարակուած են յետ մահու։