Կաթողիկոսարանէն

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾՕՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ

Չորեքշաբթի, 1 Փետրուարի երեկոյեան, Մարոնի Եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոն Պքէրքէի մէջ կայացաւ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպում մը։ Մարոնի Եկեղեցւոյ պետ Ռայի Պատրիարքին կողմէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելութեան ընթացքին քննարկումներուն ընդմէջէն ծնած էր քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումին մասին առաջարկ մը, որմէ ետք պիտի հանդիպէին նաեւ քրիստոնեայ երեսփոխանները, որպէսզի կարելի ըլլար հաւաքական մօտեցումներ ճշդել եւ նախագահական ընտրութեան առաջնորդող գործընթացը դիւրացնել։

Վեհափառ Հայրապետը անձնապէս չկարողացաւ մասնակցիլ հոգեւոր պետերու այս ժողովին։ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանը ներկայացուցին Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան։