Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը, Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ


Սիրելի ազգակիցներ,

Անցեալ Կիրակի գիշերէն Երկուշաբթի լուսցող առաւօտը բարի լոյսին հետ բերաւ ցաւի ու տառապանքի նոր ալիք մը։ Կիլիկիա (ներկայ Թուրքիոյ մէջ) գտնուող Այնթապի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ  7․5-8 աստիճանի երկրաշարժը, որ ցնցեց շրջակայ միջին արեւելեան երկիրները, եւ Չորեքշաբթի օրուան տուեալներով խլեց աւելի քան 11.000 անմեղ կեանքեր, իր ետին թողլով աւելի քան 50.000 վիրաւորներ փլատակ շէնքերու տակ եւ բազմահազար ընտանիքներ անպատսպար։

12 տարիներէ ի վեր, այսպէս կոչուած «արաբական գարուն»ի օղակներէն մէկը հանդիսացող  պատերազմէն տառապող Սուրիան, եւ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան բեկորներու հիւրընկալ Հալէպ քաղաքը, դժբախտաբար անմասն չմնացին այս աղէտէն իր մարդկային ու նիւթական վնասներով։ Պաշտօնական վիճակագրութեանց համաձայն, վերը նշուած մահերէն աւելի քան 2800ը եւ վիրաւորներէն 5000ը սուրիական հողին վրայ տեղի ունեցած են։  Ի շարս այլ ազգերու, 6 հայեր՝ երկուքը թրքահպատակ եւ չորսը սուրիահպատակ, զոհ գացին բնութեան այս անակնկալ հարուածին։

Հալէպահայ գաղութը, որ շնորհիւ Ազգային Առաջնորդարանի, հայ յարանուանութեանց, քոյր կազմակերպութեանց՝ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչ, ՀՄԸՄ,  Պատսպարան, նաեւ ՀԲԸՄ-ի գնահատելի համագործակցութեան տոկացած էր 12 տարիներու քաղաքացիական պատերազմին, կրելով անհամար զոգետ եւ անհաշիւ նիւթական վնասներ, արդէն իսկ արիւնաքամ ըլլալու սեմին է։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետ՝ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա․ Կաթողիկոսի կոչին ընդառաջելով, ձեռնարկած ենք շուտափոյթ հանգանակութեան։

Անգամ մը եւս կը դիմենք ձեզի, մեր ազնուասիրտ ժողովուրդի զաւակներ վստահելով ձեր առատաձեռն նուէրներուն,  ըստ կարելւոյն մեղմացնելու համար մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն ցաւը, կորուստը եւ յուսահատութիւնը, եւ ճառագայթելով իրենց կեանքին մէջ Յոյսի եւ Զօրակցութեան ներոյժը։

Հայրական սիրոյ ջերմ ողջունիւ,

Աղօթարար՝

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ՝  Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին