Երկուշաբթի, 13 Փետրուարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Եկեղեցիներու Ազգային Խորհուրդի նախագահուհի եւ ընդհանուր քարտուղար՝ Վաշթի Եպիսկոպոս Մաքքենզիի, եւ օգնական ընդհանուր քարտուղար՝ դոկտ. Անթոնիոս Քիրէոփուլոսի։ Հանդիպումին ընթացքին, քննարկուեցան Եկեղեցիներու Ազգային Խորհուրդի եւ մեր Թեմի համագործակցութիւնը խորացնելու զանազան կարելիութիւններ։
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԱԽԱԳԱՀՆ ՈՒ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ
16
Feb