Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԷԼՓԻՏՈՓՈՐՈՍ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ ՅՈՒՆԱՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 10 Փետրուարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, այցելութիւն մը տուաւ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Առաջնորդ՝ Էլփիտոփորոս Արքեպիսկոպոսին։ Հանդիպման ընթացքին, քննուեցան երկու Թեմերու միջեւ համագործակցութիւնը սերտացնելու կարելիութիւնները։