Առաջնորդարանէն, Մեր ծուխերէն

Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ 100.000 ՏՈԼԱՐԻ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ԹԱՇՃԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԷՆ

Կիրակի, 12 Փետրուարին, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին 100.000 տոլարի նուիրատուութիւն մը ստացաւ Թաշճեան ընտանիքէն ի յիշատակ իրենց ծնողաց եւ մեծ ծնողաց՝ տէր եւ տիկ. Էտուըրտ եւ Լուիզ Թաշճեաններու։ Նուիրատուութիւնը կատարուեցաւ տիկ. Լուիզ Թաշճեանի մահուան առաջին տարելիցին առիթով։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ։ Անոր ընթացքին, յայտարարութիւնը կատարեց հանգուցեալներու թոռը՝ պրն. Ալեքսանդր Ռոտրիկէս, յանուն Թաշճեան ընտանիքին, որ այս նուիրատուութեամբ վկայակոչած է իր երկարատեւ կապը Մայր Եկեղեցւոյ հետ։ Ան կ՚երթայ մինչեւ Էտուըրտ եւ Լուիզ Թաշճեաններու ամուսնութիւնը 68 տարի առաջ, ձեռամբ եկեղեցւոյ օրուան հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Արսէն Ա. Քհն. Սիմէօնեանցի։ Անոնց երեք զաւակներէն երկուքը մկրտուած են եկեղեցւոյ մէջ եւս։

Պրն. Ռոտրիկէս յիշեց իր մեծ հայրերըն ու ընտանեկան պատմութիւնը Մայր Եկեղեցւոյ ծիրէն ներս եւ արտայայտեց ընտանիքի բաղձանքը, որ գումարը օգտագործուի եկեղեցւոյ բարեզարդման եւ Արցախի ու աշխարհի այլ կողմերու կարիքաւոր հայերու ի նպաստ։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց Թաշճեան ընտանիքի առատաձեռնութիւնը եւ ոգեկոչեց հանգուցեալ ամոլի յիշատակը, ողջունելով անոնց օրինակելի ընթացքը՝ թէ՛ իրենց շառաւիղներուն եւ թէ՛ համայնքին համար։

Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց նուիրատու ընտանիքին, որ կը հետեւի այն բազմաթիւ անձերու աւանդութեան, որոնք հայութեան սատարած են եկեղեցւոյ ճամբով։

Պրն. Էտուըրտ Թաշճեան 2020ին իր բաժինը բերած էր Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հանգանակութեան ի նպաստ վիրաւոր հայ զինուորներու՝ 2020ի 44օրեայ պատերազմին ընթացքին։