Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԸ
Մեծ Պահքի առաջին դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեշաբթի, 22 Փետրուարին, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Եորք), Ազգ. Առաջնորդարանի եւ Մայր Եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ՞ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։
Այս տարի, շարքը նուիրուած է Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին, անոր վախճանման 850ամեակին առիթով։ Առաջին դասախօսն էր Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան՝ առաջնորդական փոխանորդ եւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) հոգեւոր հովիւ, որ ներկայացուց մեծանուն կաթողիկոսի համառօտ կենսագրութիւնը։
Դասախօսութենէն առաջ տեղի ունեցաւ եկեղեցական արարողութիւն մը, իսկ աւարտին՝ Մեծ Պահքի ընթրիք մը, որ հովանաւորուած էր Լագիսեան ընտանիքին կողմէ։
Յառաջիկայ Չորեքշաբթի, 1 Մարտին, Արժպ. Տ. Թորգոմ Չորպաճեան՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվէնիա) հոգեւոր հովիւ, պիտի քննարկէ Ս. Ներսէս Շնորհալիի գործերը։