Անցեալ Ուրբաթ օր, երբ գրասենեակէն տուն վերադարձայ, բջիջային հեռաձայնիս վրայ գտայ սրտի մօտիկ շատ դիպուկ հետեւեալ լուրը ABC լրատուական կայանէն, զոր կ՛ուզեմ բաժնել ձեր հետ։ Վերնագիրը հետեւեալն էր «Հրաշք մը․ երկու տարեկան կորսուած երեխայ մը քսանչորս ժամ ետք անտառին մէջ գտնուած է»։ Երեխան կը կոչուէր Joshua Rowland, ծանօթ՝ ”JJ” անունով, որ համաձայն տեղւոյն ոստիկանապետի հաստատումին, Ֆլորիտայի մէջ տունէն դուրս եկած էր երբ ծնողքը կը քնանար։ Ուղղաթիռներ ամբողջ Հինգշաբթի գիշեր կը փնտռեն կորսուած երեխան, իսկ Ուրբաթ առաւօտ հինգ հարիւր կամաւորներ կը միանան փրկարարներու խումբին։ Ի վերջոյ, ”JJ” կը գտնուի տունէն բաւական հեռու անտառի մը մէջ, Roy Link անունով կամաւորի մը կողմէ, որ կը յայտնէ, թէ երեխան գտնելէ տասը վայրկեան առաջ աղօթած էր։
Շրջանի ոստիկանապետը թղթակիցներուն ուղղուած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսէ․ «Կը յուսայի եւ կ՛աղօթէի հրաշքի մը համար։ Վստահ եմ շատեր կ՛աղօթէին․ կը հաւատամ Աղօթքի զօրութեան»։
Երբ այս սրտառուչ լուրը կարդացի, մտքով փոխադրուեցայ ուրիշ աշխարհավայր մը, ամբողջութեամբ տարբեր պայմաններու տակ, բայց նոյնանման պատահարով։ Պատմական Հայկական Կիլիկիոյ եւ ներկայի Թուրքիոյ սահմաններէն ներս վերջերս տեղի ունեցած երկրաշարժին ընթացքին, որ աղիտալի հետեւանքներ ունեցաւ նաեւ Սուրիոյ, յատկապէս Հալէպ քաղաքին մէջ, աղջնակ մը փլատակներուն տակէն դուրս բերուած է հարիւր քսան ժամ ետք։ Երբ իրեն կը հարցնեն, թէ այդքան ժամանակ ինչպէ՞ս ապրած էր, անմեղունակ պատախանը կ՛ըլլայ․ «Լուսաւոր անձ մը գալով հոգ տարաւ ինծի»։
Երանի՜ անոնց, որ կը հաւատան Աղօթքի զօրութեան եւ կը հաւատան, թէ Հրաշքներ տեղի կ՚ունենան, ինչպէս երէկ, նաեւ այսօր եւ վաղը։
Հոգաչափ երախտապարտ եմ Ամենողորմ Աստուծոյ, որ կը զօրացնէ մեզ ծառայութեան մէջ, որպէսզի հասնինք բոլոր անոնց, որ կը տառապին եւ կարօտեալ են։ Որքա՜ն ուրախ եմ յայտնելու որ մեր Հոգեւոր հովիւներու գործակցութեամբ մինչեւ օրս Սուրիահայ Օժանդակութեան Ֆոնտին համար հաւաքուած է 83.727 տոլար։
Բարձրեալն Աստուած թող ամէնքս արժանի ընէ որ առողջ ըլլանք մարմնով, մտքով ու հոգիով, եւ այս օրհնեալ երկրին մեզի ընձեռած բարիքներով Իրեն նմանինք բարեգործութեամբ։