Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԵՆԵՐԳԻՉ ՎԱՐԴԱՆ ԳԱԲՐՒԷԼԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Չորեքշաբթի, 8 Մարտին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընդունեց գանատահայ մեներգիչ (պաս-պարիթոն) Վարդան Սրկ. Գաբրիէլեանի այցելութիւնը՝ Թորոնթոյէն։։
 
Յարգելի հիւրը, որ Գանատական Օփերային Ընկերութեան անդամ է, մասնակցած է բազմաթիւ միջազգային մրցոյթներու եւ զանազան դերեր ստանձնած՝ Գանատայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրիպայի մէջ։ Ան իր երաժշտական ձգտումներուն մեծապէս քաջալերուած է երջանկայիշատակ Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի կողմէ՝ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովուութեան շրջանին։