Առաջնորդարանէն, Մեր ծուխերէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝ ՈՒՍՏԸՐԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 12 Մարտին, Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս նախագահեց Ս. Պատարագին ու քարոզեց Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ (Ուստըր, Մէսէչուսէթս)։ Պատարագեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց Միջինքի ճաշկերոյթին։