ԱՍՏՈՒԱԾԱՀԱՃՈՅ ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
Ինծի համար միշտ ուրախութիւն եղած է լաւ լուրեր բաժնել հարազատներու, առ հասարակ բարեկամներու եւ ծանօթներու հետ։
Այս հասկացողութեամբ, այսօր կ՛ուզեմ բաժնեկցիլ ձեր հետ նամակ մը, զոր անցեալ շաբաթ ստացայ։ Նամակի բովանդակութիւնը հետեւեալն է.
«Որոշած եմ բարեսիրական նուիրատուութիւններս կատարել տարեկան բաժիններով, երբ ողջ եմ, քան միանուագ գումարներ կտակել իմ մահէս ետք։
Ասիկա առիթը կուտայ ինծի նուիրատուութիւնները ուղղել կազմակերպութիւններու, որոնք ներկայիս կարիքը ունին նիւթական օժանդակութեան՝ իրականացնելու իրենց ծրագիրները։ Հետեւաբար, կը հաւատամ որ աջակցութիւնս պիտի արժեւորուի անոնց գործունէութեամբ։
Կը խնդրեմ ներփակ նուիրատուութիւնս յատկացնել նման առաքելութիւններու յաջողութեան համար։
Յարգանքներով՝
Ռ. Ե.»
Ո՞ր սիրտը չ՛ուրախանար, երբ նման ազնիւ անձնաւորութեան մը այնքան խնամքով մտածուած եւ գործադրուող աստուածահաճոյ ծրագրին տեղեակ կ՛ըլլայ։
Այս առթիւ ուրախ եմ յայտնելու որ Սուրիահայ Օժանդակութեան մեր նուիրահաւաքը արդէն իսկ անցաւ հարիւր հազարը, ճշգրիտ ըլլալու համար, 102,997 տոլար։
Թող Ամենաբարին Աստուած առատապէս բոլորիս առողջութիւն եւ յաջողութիւն պարգեւէ, եւ բազմացնէ նման մեծահոգի նուիրատուներ։
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ