Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ, 19 ՄԱՐՏ Ե. ԿԻՐԱԿԻ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ-ԴԱՏԱՒՈՐԻ

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ

Ես. 65.8-25

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍՈՒ 17.20-18.14

Փարիսեցիներ Յիսուսի հարցուցին, թէ ե՛րբ պիտի գայ Աստուծոյ թագաւորութիւնը: Անիկա պատասխանեց.

– Աստուծոյ թագաւորութիւնը արտաքնապէս տեսանելի նշաներով պիտի չգայ. կամ պիտի չըսեն թէ «Ահա հոս է կամ՝ հոն», որովհետեւ ահա Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր մէջ կը գտնուի:

Ապա իր աշակերտներուն ըսաւ.

– Ժամանակ պիտի գայ, երբ դուք պիտի ցանկաք Մարդու Որդիին այս օրերէն մէկը տեսնել, բայց պիտի չտեսնէք: Եւ եթէ ձեզի ըսեն՝ «Ահա հոս է կամ հոն», մտիկ մի՛ ընէք, մի՛ հետեւիք անոնց: Որովհետեւ՝ ինչպէս կայծակը փայլատակելով կը լուսաւորէ երկնակամարին մէկ կողմէն մինչեւ միւսը, նոյնպէս պիտի ըլլայ Մարդու Որդին իր գալստեան օրը: Սակայն նախ պէտք է որ անիկա շատ չարչարանքներ կրէ եւ մերժուի այս սերունդէն: Եւ ինչպէս որ Նոյի ժամանակ Աստուծոյ պատիժը յանկարծակի վրայ հասաւ, նոյնպէս պիտի պատահի Մարդու Որդիին օրերուն ալ: Անոնք ալ կ’ուտէին, կը խմէին, այր կամ կին կ’առնէին, մինչեւ այն օրը, երբ Նոյ տապան մտաւ, եւ ջրհեղեղը եկաւ բնաջնջեց զանոնք: Կամ ինչպէս Ղովտի օրերուն պատահեցաւ. կ’ուտէին, կը խմէին, կը գնէին, կը ծախէին, կը տնկէին ու կը շինէին. բայց այն օրը որ Ղովտ Սոդոմը ձգեց, երկինքէն կրակ ու ծծումբ տեղաց եւ բնաջնջեց բոլորը: Նոյնը պիտի պատահի այն օրը, երբ Մարդու Որդին յայտնուի:

Այդ օրը, ան որ տանիք ելած է՝ վար իջնելէ ետք թող տուն չմտնէ՝ հոն գտնուող իր գոյքերը առնելու համար: Նոյնպէս, ան որ դաշտին մէջ է՝ թող տուն չվերադառնայ ունեցածները առնելու համար: Յիշեցէ՛ք Ղովտի կնոջ պարագան: Ով որ կը ջանայ իր կեանքը փրկել՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ով որ կորսնցնէ իր կեանքը՝ պիտի փրկէ զայն: Կ’ըսեմ ձեզի, այդ գիշեր եթէ մէկ անկողինի մէջ երկու հոգի ըլլան՝ անոնցմէ մէկը պիտի առնուի եւ միւսը ձգուի, կամ եթէ երկու կին միասին ցորեն կ’աղան՝ անոնցմէ մէկը պիտի առնուի եւ միւսը ձգուի, կամ եթէ արտին մէջ երկու հոգի ըլլան, անոնցմէ մէկը պիտի առնուի եւ միւսը ձգուի:

Աշակերտները հարցուցին Յիսուսի.

– Տէ՛ր, ո՞ւր պիտի պատահի ատիկա:

Անիկա պատասխանեց.

– Անգղները կը հաւաքուին հոն՝ ուր դիակ կայ:

Յիսուս առակ մը պատմեց իր աշակերտներուն, ցոյց տալու համար թէ պէտք է միշտ աղօթել՝ առանց վհատելու: Եւ ըսաւ.

– Քաղաքի մը մէջ դատաւոր մը կար, որ ո՛չ Աստուծմէ կը վախնար եւ ո՛չ ալ մարդոցմէ կ’ամչնար: Նոյն քաղաքին մէջ այրի կին մըն ալ կար, որ անոր կը դիմէր եւ կը խնդրէր, ըսելով․ «Իրաւունքս պաշտպանէ հակառակորդէս»: Դատաւորը երկար ժամանակ մերժեց դատը տեսնել, սակայն ի վերջոյ ըսաւ ինքնիրեն. «Թէեւ Աստուծմէ չեմ վախնար եւ մարդոցմէ չեմ ամչնար, բայց քանի այս այրին նեղութիւն կու տայ ինծի, իր դատը տեսնեմ, որպէսզի մինչեւ վերջ քովս գալով զիս չանհանգստացնէ»:

Ապա Տէրը շարունակեց.

– Լսեցէք թէ ի՛նչ կ’ըսէ անիրաւ դատաւորը: Իսկ Աստուած որքա՞ն պիտի համբերէ իր ընտրեալներուն կրած անիրաւութեան. պիտի չպաշտպանէ՞ զանոնք, որոնք գիշեր ու ցերեկ իրեն կը դիմեն: Այո՛, կ’ըսեմ ձեզի՝ որ անոնց իրաւունքը անմիջապէս պիտի պաշտպանէ: Բայց Մարդու Որդին երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ:

Այս առակն ալ պատմեց անոնց, որոնք իրենք իրենց համար այն համարումը ունէին թէ արդար են, եւ ուրիշները կ’արհամարհէին:

– Երկու հոգի տաճար գացին աղօթելու. մէկը՝ Փարիսեցի, միւսը՝ մաքսաւոր: Փարիսեցին մէկ կողմ կեցած, ինքնիրեն կ’աղօթէր. «Աստուած իմ, շնորհակալ եմ քեզմէ, որ ուրիշ մարդոց նման՝ յափշտակող, անիրաւ, շնացող չեմ, կամ այս մաքսաւորին պէս ալ չեմ: Այլ՝ շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ եւ ամբողջ եկամուտիս տասանորդը տաճարին կու տամ»: Իսկ մաքսաւորը հեռուն կեցած, աչքերը առանց վեր բարձրացնելու՝ կուրծքը կը ծեծէր եւ կ’ըսէր. «Աստուա՜ծ, ներէ՛ մեղաւորիս մեղքերը»:

– Կ’ըսեմ ձեզի,- եզրակացուց Յիսուս,- մաքսաւո՛րն է որ արդարացած տուն գնաց, եւ ո՛չ թէ Փարիսեցին. որովհետեւ ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ:

 

ՆԱՄԱԿ ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 3.1-4.9

Հետեւաբար, եղբայրնե՛րս, Տիրոջմով ուրախացէք: Նոյն բաները գրելը ինծի համար ձանձրոյթ չէ, բայց ձեզ ճշմարտութեան մէջ կը հաստատէ:

Զգուշացէք այն մարդոցմէ, այն շուներէն, որոնք չարիք կը սերմանեն՝ ստիպելով որ թլփատուիք: Իսկական թլփատուածները մե՛նք ենք, որովհետեւ Աստուծոյ Հոգիով լեցուած պաշտամունք կը կատարենք եւ միայն Քրիստոս Յիսուսի միացած ըլլալով կը պարծենանք, եւ ո՛չ թէ Օրէնքին գործադրութեամբ կամ Աբրահամի մարմնաւոր զաւակը ըլլալով: Եթէ ատոնք բաւարար ըլլային փրկուելու համար, ինծի ոչինչ պիտի պակսէր. եւ եթէ ոեւէ մէկը կը կարծէ թէ մարմնական այդ կապին կրնայ վստահիլ, ես աւելիով կրնամ, քանի ութօրեայ թլփատուած Իսրայէլացի մըն եմ, Բենիամինի ցեղէն, զտարիւն Եբրայեցի եւ օրինապահ Փարիսեցի: Ա՛յնքան նախանձախնդիր էի, որ Քրիստոսի եկեղեցին կը հալածէի. եւ արդար էի այնքան՝ որքան Օրէնքին անթերի գործադրութիւնը կրնար տալ: Սակայն այս բոլորը, որ ժամանակ մը առաւելութիւն կը սեպէի, հիմա վնաս կը համարեմ՝ Քրիստոսի սիրոյն համար: Եւ իրաւ, ամէն ինչ վնաս կը համարեմ՝ համեմատած այն գերազանց շահին հետ, որ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոսը ճանչնալն է: Այդ գիտութիւնը ունենալու համար՝ ամէն ինչ թողուցի, ոչնչութիւն սեպելով, որպէսզի Քրիստոսը շահիմ, եւ կատարելապէս անոր միանամ: Այնպէս որ, իմ արդարութիւնս այլեւս Օրէնքի գործադրութենէն չի՛ գար, այլ՝ Քրիստոսի հանդէպ ունեցած հաւատքէս, եւ այդ արդարութիւնը Աստուծմէ եկած արդարութիւնն է, հիմնուած՝ հաւատքի վրայ: Հիմա միակ փափաքս է՝ ճանչնալ Քրիստոսը, անոր յարութեան զօրութիւնը, եւ անոր չարչարանքներուն մասնակից դառնալ՝ անոր մահուան օրինակը իմ վրաս առնելով, որպէսզի ես ալ արժանի ըլլամ մեռելներէն յարութիւն առնելու:

Չեմ ըսեր թէ արդէն յաջողած եւ կատարելութեան հասած եմ, բայց հասնելու կը ձգտիմ, որովհետեւ ճիշդ ատոր համար Քրիստոս Յիսուս զիս պահեց: Եղբայրնե՛ր, ինքզինքս դեռ կատարելութեան հասած չեմ համարեր. բայց կ’աշխատիմ անցեալը մոռնալ եւ գալիքին նայիլ, եւ ուշադիր կերպով կը վազեմ դէպի նպատակակէտը, իբրեւ մրցանակ ստանալու համար յաւիտենական կեանքը, որուն կը հրաւիրէ մեզ Աստուած, Քրիստոս Յիսուսով:

Արդ, մենք որ կատարեալ ենք՝ նոյն ձեւով խորհինք: Իսկ եթէ դուք որոշ կէտերու շուրջ տարբեր կը խորհիք, Աստուած ինք ձեզ պիտի լուսաբանէ: Ամէն պարագայի, միասնաբար քալենք այն կանոններով, որոնցմով ընթացանք մինչեւ հիմա։

Եղբայրնե՛ր, ինծի՛ նմանեցէք, եւ հետեւեցէք անոնց՝ որոնք ձեզի տուած մեր օրինակով կ’ընթանան: Որովհետեւ, ինչպէս յաճախ կ’ըսէի եւ հիմա եւս լալով կ’ըսեմ, մեր մէջ կան շատեր՝ որոնց կեանքը թշնամանք է Քրիստոսի խաչին: Անոնց վերջը կորուստ է, որովհետեւ իրենց աստուածը իրենց փորն է: Ամօթալի բաներով կը հպարտանան եւ միայն երկրաւոր բաներու մասին կը խորհին: Մենք, սակայն, երկինքի քաղաքացիներ ենք եւ հոնկէ՛ կը սպասենք որ գայ մեր Փրկիչը՝ Տէր Յիսուս Քրիստոս, որ մեր մահկանացու մարմինները պիտի կերպարանափոխէ եւ իր մարմինին պէս փառաւոր դարձնէ իր զօրութեամբը, որով կրնայ ամէն ինչ իր իշխանութեան ենթարկել:

Ուստի, սիրելի՛ եւ կարօտալի եղբայրներ, դուք՝ որ իմ ուրախութիւնս էք եւ պսակս, այսպէս ամրօրէն Տիրոջ միացած մնացէք, սիրելինե՛ր:

Եւոդիային ու Սինտիքին կ’աղաչեմ, եւ կը թելադրեմ՝ որ իրարու հետ հաշտուին, քանի Տիրոջ միացած են: Դո՛ւն ալ, ո՜վ հաւատարիմ լծակիցս, կը խնդրեմ որ օգնես այս երկու կիներուն, որովհետեւ ինծի հետ պայքարեցան Աւետարանին տարածման համար, Կղեմէսի եւ միւս գործակիցներուս հետ միասին, որոնց անունները Կեանքի գիրքին մէջ արձանագրուած են:

Միշտ ուրախ եղէք Տիրոջմով. դարձեալ կ’ըսեմ՝ ուրախ եղէք: Բոլորին հանդէպ ազնիւ եղէք: Շուտով Տէրը կու գայ: Ոեւէ բան թող չմտահոգէ ձեզ. այլ միշտ ձեր աղօթքներուն եւ աղաչանքներուն մէջ գոհաբանութեամբ Աստուծմէ խնդրեցէք ինչ բանի որ կարիքը կը զգաք, եւ այն ատեն Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ միտքով կարելի չէ հասկնալ, խաղաղ պիտի պահէ ձեր սիրտերն ու միտքերը, որոնք Քրիստոս Յիսուսի միացած են:

Ի վերջոյ, եղբայրնե՛ր, խորհեցէք այն բաները՝ որոնք ճշմարիտ են, պարկեշտ, արդար, մաքուր, սիրելի, բարեհամբաւ, առաքինի եւ գովելի: Եւ գործքո՛վ կատարեցէք այն՝ ինչ որ ինձմէ սորվեցաք եւ ընդունեցիք, ինձմէ լսեցիք եւ իմ վրաս տեսաք. եւ Աստուած, որ խաղաղութիւն կու տայ, ձեզի հետ պիտի ըլլայ: