Լուրեր

ՎԱՏԻԿԱՆԸ ՊԻՏԻ ՆՇԷ Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ 850ԱՄԵԱԿԸ

Վատիկանի մէջ, տեղի պիտի ունենան յատուկ ձեռնարկներ՝ Ս. Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850ամեակի առիթով։ Երեքշաբթի, 21 Մարտին, յատուկ յանձնախումբ մը գումարեց իր առաջին նիստը Հռոմի մէջ, նախնական պատրաստութիւններ կատարելու եւ ձեռնարկներու շարքը յայտարարելու։

Աշնան տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն շարքին են միջ-եկեղեցական աղօթք մը Ս. Պետրոս պազիլիքի մէջ, Ս. Ներսէս Շնորհալիի ժառանգութեան նուիրուած միջազգային գիտաժողով մը Հռոմի Արեւելեան հիմնարկին մէջ եւ Շնորհալիի շարականներն ու երաժշտութիւնը ներկայացնող համերգ մը Սիստինեան մատուռին մէջ։

Կազմակերպիչ յանձնախումբին մաս կը կազմեն Խաժակ Արք. Պարսամեան (Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ), Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ), Վարդան Եպս. Պօղոսեան (Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան ներկայացուցիչ) եւ Վատիկանի ներկայացուցիչ մը։