Կաթողիկոսարանէն

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ ԵՒ ԿԻՊՐՈՍ

11-20 Մարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հովուապետական այցելութիւններ կատարեց Յունաստանի եւ Կիպրոսի Հայոց Թեմերը։ Վեհափառ Հայրապետին ընկերացան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ՝ Գրիգոր Մահսէրեճեան եւ Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան:

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ

11 Մարտին ժամանելով Աթէնք, Վեհափառ Հայրապետը օդակայանին մէջ արժանացաւ պաշտօնական ընդունելութեան։ Վեհափառ Հայրապետը եւ իր շքախումբը մեկնեցան Ազգային Առաջնորդարան, ուր Վեհափառը դիմաւորուեցաւ «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ եւ թափօրով առաջնորդուելով մայր եկեղեցի, կատարուեցաւ կանոնական աղօթք։ Արամ Ա. Կաթողիկոս իր ուրախութիւնը յայտնեց Յունաստան այցելելու եւ իր խօսքին մէջ յատուկ կերպով շեշտեց թեմին վերակազմակերպման անյետաձգելի հրամայականը: Նոյն գիշերը, «Լէոնտիօ» սրահին մէջ, Յունաստանի հայոց թեմին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր՝ ի պատիւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի, որ ընդառաջելով Յունաստանի հայոց թեմի փափաքին, շքանշաններով պատուեց շարք մը յունահայ ազգայիններ։

Կիրակի, 12 Մարտին, Աթէնքի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը ուղղեց Ս. Պատարագի ընթացքին, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան։ Անդրադառնալով մեր ազգի դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ան ըսաւ. «Պատմութեան ընթացքին յաճախ խաւարը փորձեց տիրապետող ներկայութիւն դառնալ մեր կեանքէն ներս, սակայն Քրիստոսի լոյս ներկայութեամբ, մենք կրցանք խաւարը վանել մեր կեանքէն, յաղթել խաւարին տիրապետութեան եւ մեր կեանքը Քրիստոս-լոյսով պայծառակերպել»: Վեհափառը իր պատգամին մէջ նաեւ անդրադարձաւ Սփիւռքի վերակազմակերպումին ու հայ երիտասարդութեան։

Յետմիջօրէին, Աթէնքի Զաւարեան կեդրոնի սրահին մէջ, Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ, գումարուեցաւ ժողով մը՝ քննարկելու վերակազմակերպման գործընթացքը: Ժողովին մասնակցեցան Յունաստանի հայոց թեմին Ազգ. Երեսփոխանական ժողովը, գաղութին մէջ գործող միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:

Երեքշաբթի, 14 Մարտի առաւօտուն, Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Յունաստանի եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոնը, ուր ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Արքեպիսկոպոս Երոնիմոս Բ.ին կողմէ: Կաթողիկոսը այնուհետեւ այցելեց հայ աւետարանական եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու հոգեւոր պատասխանատուներուն եւ շրջեցաւ հայ դպրոցները: Երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը հրապարակային դասախօսութիւն մը տուաւ Աթէնքի համալսարանին մէջ, նիւթ ունենալով Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին յոյն եկեղեցւոյ հետ ունեցած յարաբերութիւնը եւ քրիստոսաբանական մօտեցումը։

Չորեքշաբթի, 15 Մարտի առաւօտուն, Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Լիբանանի դեսպանատունը, ուր ընդունուեցաւ դեսպան Ղատի Ալ-Խուրիի կողմէ, եւ Հայաստանի դեսպանատունը, ուր ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորուեցաւ դեսպան Տիգրան Մկրտիչեանի կողմէ: Երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ յունահայ գաղութէն ներս գործող քոյր կազմակերպութիւններու վարչական մարմիններուն հետ:

Հինգշաբթի, 16 Մարտին, շուրջ մէկ ժամ հանդիպում կայացաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի եւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի միջեւ: Կաթողիկոսը անդրադարձաւ չորս մարզերու. ա) Յունաստանի հայ գաղութը, բ) Լիբանանի այժմու կացութիւնը՝ յատկապէս նախագահական ընտրութիւն, գ) Յունաստանի դերը արաբական-իսլամական աշխարհէն ներս՝ յատկապէս Միջին Արեւելքէն ներս եւ դ) Արցախի շրջափակում ու Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները։

ԿԻՊՐՈՍ

Ուրբաթ, 17 Մարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հովուապետական այցելութեամբ ժամանեց Կիպրոս, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն: Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ թեմի Երեսփոխանական ժողովին եւ Ազգային Վարչութեան ու Վեհափառ Հայրապետին միջեւ:

Շաբաթ, 18 Մարտին, Արամ Ա. Կաթողիկոս, Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, յաջորդաբար ընդունեց այցելութիւնը Շուէտի կառավարութեան հովանաւորութիւնը վայելող Religious Track գրասենեակի պատասխանատու Սալբի Էսքիճեանի, Կիպրոսի պապական նուիրակ Ճորճ Եպիսկոպոսի եւ լատին եկեղեցւոյ պատրիարքական փոխանորդ Պրունօ Եպիսկոպոս Վարիանոյի: Նոյն օրը երեկոյեան, Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Իւթիւճեան» սրահին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ կիպրահայ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն հետ:

Կիրակի, 19 Մարտին, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր Հայրապետական պատգամը ուղղեց կիպրահայութեան Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագին։ Ս. Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն եւ աջահամբոյր, որուն յաջորդեց պաշտօնական ճաշկերոյթ՝ ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին։

Նոյն օրը, Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Կիպրոսի համալսարանի աստուածաբանական ու փիլիսոփայական բաժանմունքի տնօրէն փրոֆ. Քրիսթոս Էքոնոմուի, ընկերակցութեամբ համալսարանի դասախօսներու:

Երկուշաբթի, 20 Մարտին, Վեհափառ Հայրապետը շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպում ունեցաւ Կիպրոսի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Նիքոս Քրիսթոտուլիտէսին հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հետեւեալ նիւթերը. ա) Կիպրոսի հայ համայնք, բ) Արցախի շրջափակում, գ) Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներ, դ) Լիբանանի նախագահական ընտրութիւն եւ ե) Կիպրոսի դերը Միջին Արեւելքէն ներս։ Նոյն օրը, Նիկոսիոյ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատրիարքարանին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Կիպրոսի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ճորճիոս Գ. Արքեպիսկոպոս Փափաքրիսոսթոմուի միջեւ։

Այնուհետեւ, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Նարեկ ազգ. վարժարանը, որմէ ետք վերադարձաւ Լիբանան: