ԱՒԵՏԻՔ ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ (ծնունդ՝ Ապրիլ 1, 1657)
18րդ դարուն սկիզբը, դաւանական պայքարը մեծ տարողութիւն ունեցած է Օսմանեան կայսրութեան հայ համայնքին մէջ։ Անոր զոհերէն մէկը եղած է Պոլսոյ պատրիարք Աւետիք Եւդոկիացի։
Ծնած է Ապրիլ 1, 1657ին, Եւդոկիոյ մէջ (Թոքաթ)։ Մինչեւ տասնհինգ տարեկան աշակերտած է մեծ հօր՝ հարիւրամեայ Սարգիս քահանային, եւ զինք մկրտած Պօղոս քահանային, իսկ 1672-1675ին՝ Յակոբ վարդապետ Պելենկցիին։ 1675ին սարկաւագ ձեռնադրուած է Փայասի մէջ, ապա՝ աբեղայ ու վարդապետ Կապոսի վանքին մէջ, որուն առաջնորդը կարգուած է։ Աւետիք Եւդոկիացիի ջանքերով նորոգուած են Կապոսի Ս. Յակոբ վանքը, Տիրանաշէնի Ս. Նշան եւ Երզնկայի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցիները։ Թրքական բռնութեան եւ հալածանքներու դիմագրաւելէ ետք, մեկնած է Ս. Էջմիածին, ուր Նահապետ Ա. Եդեսացի կաթողիկոս զինք եպիսկոպոս ձեռնադրած է 1691ին եւ ապա կարգած՝ Կարնոյ թեմի առաջնորդ։
24 Փետրուար 1702ին, սուլթանական արքունիքի հովանաւորութեամբ, Եւդոկիացի Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք նշանակուած է, իսկ 13 Յուլիսին՝ Երուսաղէմի պատրիարք։
Սակայն, 1703ին աքսորուած է Սուրիա, կաթոլիկութեան անհաշտ հակառակորդ ըլլալուն համար։ Յաջորդ տարի ազատած է եւ վերականգնած՝ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքի պաշտօնին վրայ։ Նոյն տարուան Նոյեմբերին, Երուսաղէմի պատրիարք Մինաս Ամդեցիի վախճանումէն ետք, Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի պատրիարքական աթոռները կրկին միաւորուած են։
Աւետիք Եւդոկիացիի պատրիարքութեան շրջանին, բուռն պայքար ծաւալած է հայ առաքելական եւ կաթոլիկ համայնքներուն միջեւ, ուր նաեւ դեր ունեցած են արտաքին ուժեր։ Իր ուղեգրութեան մէջ, յիսուսեան կրօնաւոր Մոնիէ պատրիարքը կոչած է «ամենամեծ հալածիչ», զոր երբեւէ ունեցած են կաթոլիկները Արեւելքի մէջ, իսկ Պոլսոյ Ֆրանսայի դեսպան Շառլ տը Ֆերիոլ՝ «հռոնէական եկեղեցիի երդուեալ թշնամի», «կաթոլիկութեան անդրդուելի եւ անողոք հալածիչ»։ Աւետիք Եւդոկիացի խիստ միջոցներու դիմած է լատինադաւան հայերու նկատմամբ եւ զոհ դարձած՝ խռովարարներու ու իր հակառակորդներու մեքենայութիւններուն։
1706ին, պատրիարքը կրկին զրկուած է աթոռէն ու աքսորուած՝ Եգէական ծովու Թենետոս կղզին։ Աքսորէն վերադառնալէ ետք, դեսպան տը Ֆերիոլ, քանի մը համախոհ կաթոլիկ հայերու, յիսուսեան կրօնաւորներու եւ ֆրանսացիներու գործակցութեամբ, առեւանգած է զայն, փոխադրել տալով Մարսէյլի բանտը, հիւսիսային Ֆրանսային Մոն Սէն Միշէլ մենաստանը, եւ ի վերջոյ՝ Փարիզի տխրահռչակ Պասթիյլը, եւ բռնագրաւած է գիրքերն ու գրութիւնները։ Աւետիք Եւդոկիացի բանտէն ազատած է միայն դաւանափոխութեան բռնադատուելէ եւ Փարիզի արքեպիսկոպոս ծիրանաւոր Նոայլի առջեւ հաւատոյ խոստովանութիւն տալէ ետք, 22 Սեպտեմբեր, 1710ին։ Անոր վրայ սահմանուած է խիստ հսկողութիւն մինչեւ մահը՝ 11 Յուլիս 1711ին, Փարիզի մէջ։ Շատեր զինք նոյնացուցած են հռչակաւոր «Երկաթէ դիմակով մարդու»ն հետ։
Աւետիք Եւդոկիացի զբաղած է գրչութեամբ եւ ընդօրինակած է հայերէն ձեռագիրներ։ Գրած է տաղեր եւ 1709ին բանտին մէջ շարադրած է ինքնակենսագրութիւնը, որ գրաբարի ու խօսակցական աշխարհաբարի իւրօրինակ խառնուրդ մըն է, լոյս տեսած՝ 1874ին։ Ընդօրինակած է վեց ձեռագիրներ, որոնցմէ հինգը Պասթիյլի մէջ, իսկ վերջինը 1711ին, ազատելէ ետք, Փարիզի մէջ։