ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ
Ազգային Առաջնորդարանի եւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ համատեղ կազմակերպած Մեծ Պահքի դասախօսութիւններու շարքը վերջ գտաւ Չորեքշաբթի, 29 Մարտին, Մայր Եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Եորք)։ Հսկումի արարողութենէն ետք, Առաջնորդարանիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի տնօրէն՝ Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան, դասախօսեց «Ս. Ներսէս Շնորհալի իբրեւ աղօթքի ուսուցիչ» նիւթին շուրջ։
Հաճեցէք սեղմել այստեղ ներկայացումը դիտելու համար։