Առաջնորդարանէն

«ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ» ՁԵՌՆԱՐԿԸ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, 25 Մարտին, կազմակերպութեամբ Նիւ Ճըրզիի Համազգային Հայ Մշակութային Միութեան, եւ համագործակցութեամբ  ՀՕՄի «Ակնունի», «Արմենուհի» եւ «Շաքէ» մասնաճիւղերու, ՀՄԸՄի մասնաճիւղի եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Արսէն» մասնաճիւղին, Becton Regional երկրորդական վարժարանի (Իսթ Ռատըրֆորտ) հանդիսասրահին մէջ Արցախի հերոսներուն նուիրուած երգի ու պարի հանդէս մը տեղի ունեցաւ, մասնակցութեամբ հայրենի արուեստագէտներ Նունէ Եսայեանի եւ Արաբօ Իսպիրեանի, ամերիկահայ երաժիշտ Արա Տինկճեանի եւ իր նուագախունբի, եւ Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբին, որուն միացած էին Նիւ Եորքէն, Ուաշինկթընէն եւ Ֆիլատելֆիայէն խումբեր։ Ներկայ էին շուրջ հազար հանդիսականներ։

Մէջընդմէջ հայրենասիրական երգերու եւ պարերու ելոյթներով սրահը թնդաց որոտընդոստ ծափահարութիւններով։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց համագաղութայն հոյակապ այս ձեռնարկը, որ գարնան առաջին օրերուն իր հետ բերաւ նաեւ գարնանային նոր շունջ մը գործակցութեան, լաւատեսութեան եւ յառաջդիմութեան։ Նաեւ քաջալերեց պարախումբի մանուկ եւ պատանի անդամ-անդամուհիները իրենց նուիրումին համար, մաղթելով որ օր մը պատեհութիւնը ունենան ելոյթ ունենալու նաեւ Հայրենիքի ու Արցախի մէջ։