ԿԻՐԱԿԻ, 9 ԱՊՐԻԼ ՄԵՐ ՏԻՐՈՋ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 16.1-8
Կիրակի առաւօտ կանուխ, արեւածագին, գերեզման եկան:
– Ո՞վ պիտի գլորէ գերեզմանի մուտքին դրուած քարը,- կը հարցնէին իրարու, որովհետեւ քարը շատ մեծ էր:
Սակայն երբ նայեցան, տեսան որ քարը արդէն իսկ գլորուած էր: Գերեզմանէն ներս մտան եւ ճերմակ զգեստ հագած երիտասարդ մը տեսան, որ աջ կողմը նստած էր, եւ սարսափեցան: Երիտասարդը ըսաւ անոնց.
– Մի՛ վախնաք, գիտեմ որ խաչուած Նազովրեցի Յիսուսը կը փնտռէք, բայց հոս չէ՛, յարութիւն առաւ: Տեսէ՛ք, զինք հոս դրած էին: Այժմ գացէք, ըսէք իր աշակերտներուն եւ Պետրոսի, որ ահա ինք ձեզմէ առաջ կ’երթայ Գալիլեա. հո՛ն պիտի տեսնէք զինք, ինչպէս որ ըսած էր ձեզի:
Երբ ասիկա լսեցին, դուրս փախան գերեզմանէն, զար-հուրած ու ապշահար, եւ ոչ մէկուն բան մը ըսին, որովհետեւ կը վախնային:
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 1.15-26
Համբարձումէն քանի մը օրեր ետք, երբ շուրջ հարիւրքսան հաւատացեալներ մէկտեղուած էին, Պետրոս ոտքի ելլելով ըսաւ.
– Եղբայրնե՛ր, պէտք էր կատարուէր Սուրբ գիրքին մէջ գրուածը, այն՝ ինչ որ նախօրօք Սուրբ Հոգին ըսած էր Դաւիթի բերնով՝ Յուդայի մասին, որ Յիսուսը ձերբակալողներուն առաջնորդը եղաւ: Յուդա մեր խումբէն էր, մեզի պէս առաքելական ծառայութեան համար ընտրուած: Բայց իր անիրաւ մատնութենէն ետք, որուն վարձքով ագարակ մը գնեց, երեսն ի վայր ինկաւ այնտեղ եւ փորը ճեղքուելով՝ փորոտիքը դուրս թափեցաւ: Բոլոր Երուսաղէմացիները այս մասին իմացան, եւ այս պատճառով ալ այդ ագարակը իրենց բարբառով Ակեղդամա, այսինքն՝ Արեան ագարակ կը կոչեն: Արդ, Սաղմոսներու գիրքին մէջ գրուած է. «Թող անոր տունը աւերակ մնայ, եւ հոն մարդ չբնակի». իսկ ուրիշ տեղ մը կ’ըսէ. «Իր պաշտօնը ուրիշ մէկը թող առնէ»: Այստեղ կան մարդիկ, որոնք միշտ մեր հետը եղած են Տէր Յիսուսի երկրաւոր առաքելութեան ամբողջ տեւողութեան, Յովհաննէսի ձեռքով անոր մկրտութենէն մինչեւ երկինք համբարձման օրը: Ասոնցմէ մէկը պէտք է որ տասնըմէկիս միանայ՝ Քրիստոսի յարութեան վկայ ըլլալու համար:
Այն ատեն հաւատացեալները երկու հոգի ներկայացուցին. Բարսաբա կոչուած Յովսէփը, որ Արդար մականուանուեցաւ, եւ Մատաթիան: Ապա հետեւեալ աղօթքը ըրին.
– Դուն, Տէ՛ր, որ կը ճանչնաս բոլոր մարդոց սիրտերը, ցոյց տուր մեզի՝ թէ այս երկուքէն ո՛ր մէկը կ’ընտրես առաքելական այս պաշտօնին համար, որմէ Յուդա ինկաւ՝ իրեն սահմանուած տեղը երթալու համար:
Ապա երկու անուններուն վրայ վիճակ ձգեցին: Վիճակը Մատաթիային ելաւ, եւ անիկա տասնըմէկ առաքեալներուն կարգին դասուեցաւ: