ՎՐԹԱՆԷՍ ՓԱՓԱԶԵԱՆ (ծնունդ՝ 12 Ապրիլ, 1866)
Վրթանէս Փափազեան 20րդ դարու սկիզբի բեղուն գրիչ եւ ուսուցիչ եղած է, որուն գործունէութիւնը տարածուած է Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստանի մէջ։
Ծնած է Վան, քահանայի ընտանիքի մէջ, 12 Ապրիլ, 1866ին։ Մանուկ տարիքէն տեղափոխուած է Թաւրիզ (Պարսկաստան)։ Վրթանէս Փափազեան նախնական ուսումը ստացած է Ագուլիսի եւ Թաւրիզի հայկական վարժարաններուն մէջ եւ ապա ընդունուած՝ Ս. Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանը, որուն ընթացքը աւարտած չէ, որովհետեւ 15 տարեկանին ստիպուած է կեանքի ասպարէզ նետուելու։
Այնուհետեւ, անվերջ ճամբորդութիւններու եւ տեղափոխութիւններու կեանք մը կը սկսի լեզուներ սորվելու ընդունակ եւ գրելու շնորհքով օժտուած ապագայ գրագէտին համար։ 1885-1888ին Պոլիս ապրած է, ուր իր գրութիւնները լոյս տեսած են մամուլին մէջ։ 1889էն սկսած է հրատարակել արեւմտահայութեան կեանքը արտացոլող պատմուածքներ եւ պատկերներ, որոնք հետագային ամփոփուած են երկու հատորներու մէջ («Պատկերներ թիւրքահայոց կեանքից», 1891. «Պատմուածքներ թուրքահայերի կեանքից», 1904)։
Ազգային կեանքի զանազան խնդիրներ արծարծելէ զատ, Փափազեան իր ուշադրութիւնը սեւեռած է նաեւ համամարդկային վիշտի վրայ, հայ ժողովուրդի ծանր վիճակը դիտելով իբրեւ ընդհանուր մեծ անարդարութիւններու բաղկացուցիչ։ Հրապարակագրական յօդուածներու եւ գեղարուեստական գործերու մէջ պատկերած է բռնակալութեան դէմ ոտքի ելած ժողովրդական զանգուածներու ոյժն ու վճռակամութիւնը։ Իր թատերախաղերուն մէջ, յառաջ քաշած է ազգային-ազատագրական եւ ազատախոհական գաղափարներ պատմական եւ արդիական նիւթի հիմքի վրայ։
Քանի մը տարի ուսուցչութիւն ըրած է Արեւմտեան Հայաստանի գաւառները։ Ապա յաջորդաբար ուղղուած է Պաքու, Մոսկուա, այնուհետեւ Պոլիս եւ ի վերջոյ Ժընեւ, ուր 1891-1895ին հետեւած է գրականութեան եւ հասարակական գիտութիւններու դասընթացքներու։ Աւարտելէ ետք, վերադարձած է Կովկաս, այս անգամ տեղափոխուելով արեւելեան Հայաստանի գաւառները։ Պարագայաբար զբաղած է նաեւ թերթերու խմբագրութեամբ, բայց գլխաւորաբար գրած է վէպ, պատմուածք, թատերախաղ, արձակ բանաստեղծութիւն, զրոյցներ, հեքիաթներ։ Առաւելաբար արծարծած է ընկերային հարցեր՝ անհաւասարութիւն եւ անարդարութիւն, երբեմն յաջողելով պարզ նկարագրութենէ անդին անցնիլ եւ ընթերցողը յուզել։
Պոլիս կրկին հաստատուելէ ետք, մեկնած է հարաւային Ռուսաստան, միշտ ուսուցչական պաշտօնով։ Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն վերադարձած է Կովկաս, եւ քանի մը տարի վարած է նախակրթարանի տեսուչի պաշտօն Վաղարշապատի մէջ։
Զոհ գացած է համաճարակի Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին, 26 Ապրիլ, 1920ին։ Այժմ, Երեւանի եւ Հայաստանի այլ քաղաքներու մէջ փողոցներ եւ դպրոց մը կոչուած են Վրթանէս Փափազեանի անունով։