Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐԱՊԷՍ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Կիրակի, 9 Ապրիլի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանք հաւաքուած էր հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը՝ տօնելու մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնը։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Հայրապետական Ս. Պատարագ, որուն ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսը յղեց իր Հայրապետական պատգամը։
Վեհափառ Հայրապետի առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան եւ «Կիլիկիա» մատենադարանի, տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը։
Հաւատացեալներու կողքին, Պատարագին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Վահագն Աթաբէկեան իր տիկնոջ հետ, դեսպանատան անձնակազմէն պատուիրակութիւն մը, Ազգային Կեդրոնական Վարչութենէն անդամներ, քաղաքապետներ եւ քաղաքական ու ազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Արամ Ա. Կաթողիկոս իր պատգամին մէջ կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն Քրիստոսի Յարութեան հաւատքով շաղախելու մեր կեանքը։ Ան որպէս մեկնակէտ ընտրած էր հրեշտակին խօսքը՝ ուղղուած Քրիստոսի գերեզմանը այցելող կիներուն. «մի՛ վախնաք. Քրիստոսը հոս չէ, այլ յարութիւն առաւ»։ Արդարեւ, «Քրիստոսի Յարութիւնը կը կազմէ առանցքը ու նպատակը քրիստոնէական կեանքին ու վկայութեան», յիշեցուց ան։ «Քրիստոսի Յարութիւնը յաղթանակն էր կեանքին՝ մահուան դէմ, երկինքին՝ Աստուծմէ հեռացող երկրին դէմ. բարիին՝ չարին դէմ։ Քրիստոսի Յարութեան հաւատքը դարձաւ ամուր կռուանը եկեղեցւոյ առաքելութեան։ Հակառակ պատմութեան հալածանքներուն Քրիստոսի Յարութեան հաւատքով զօրացած եկեղեցին պատգամաբերը դարձաւ մահուան վրայ Աստուծոյ Որդիին տարած յաղթանակին»։
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։ «Մեր պատմութիւնը ահաւոր տագնապներով լեցուած է. մեր եկեղեցին երբեք չէ վհատած, այլ Քրիստոսի Յարութեան հաւատքով դարձած է ամուր կռուան մեր ազգին ու հայրենիքի գոյութեան, զօրեղ վահան՝ մեր ազգն ու հայրենիքը ընկճելու ու գերելու ամէն տեսակ փորձերուն դէմ։ Չմոռնանք, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք մեր եկեղեցին մեր ազգի կեանքին մէջ դարձաւ Յարութեան հաւատքով ամրապնդող եւ մեր հաւաքական կեանքը Յարութեան շունչով թրծող յարուցեալ Քրիստոսի պատգամաբերը։ Մեր եկեղեցին իր առաքելութեամբ ու ծառայութեամբ մեր ազգին փոխանցեց Քրիստոսի թափուր գերեզմանէն ճառագայթող յարուցեալ կեանքի յոյսը եւ կեանքի չարիքներուն ու մահուան դէմ պայքարելու յարութեան հաւատքը», շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը։
Խօսելով ներկայ ժամանակներուն մասին, Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «Մեր ժողովուրդի պատմութեան ներկայ տագնապալից ժամանակներուն, երբ Արցախը նոր ցեղասպանին կողմէ կը մնայ շրջափակուած, երբ Հայաստանը նոյն ցեղասպանին կողմէ միշտ կը մնայ ենթակայ յարձակումներու, մարդկային իրաւունքներու ու արժէքներու դէմ նկատուող այս կացութեան դիմաց, մեր եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ։ Մեր հայրենիքին ու ազգին պաշտպանութեան պայքարի առաջին գիծին վրայ եղած է միշտ մեր եկեղեցին՝ Վարդանանց պատերազմէն սկսեալ մինչեւ Սարդարապատ ու Արցախ։ Այսօր յարուցեալ Քրիստոս իր եկեղեցւոյ ճամբով կոչ կ՚ուղղէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ յԱրցախ, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի՝ ըսելով մի՛ վախնաք, ես ձեզի հետ եմ։ Յարուցեալ Քրիստոսի մահուան դէմ տարած յաղթանակով հզօրացած մենք պէտք է շարունակենք մեր պայքարը յանուն արդարութեան, յանուն իրաւունքի ու արժանապատուութեան, յանուն Արցախի, Հայաստանի եւ մեր ազգի հզօրութեան», պատգամեց Նորին Սրբութիւնը։
Յաւարտ Ս. Պատարագին, Հայրապետական թափօրը մեծաշուք հանդիսութեամբ ուղղուեցաւ Վեհարան, ուր ներկաները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» օրհներգը եւ Հայրապետական մաղթերգը։ Ապա, Հայրապետը օրհնեց ներկայ հաւատացեալները՝ անգամ մը եւս աւետելով՝ Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի։
Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը Զատկական շնորհաւորութիւնները ընդունեց Վեհարանի դահլիճին մէջ։