Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԼԵՒՈՆ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ (ծնունդ՝ 16 Ապրիլ, 1908)

Լեւոն Իսահակեան ծնած է 16 Ապրիլ, 1908ին, Ալեքսանդրապոլ (այժմ՝ Գիւմրի)։ Շրջանաւարտ եղած է Երեւանի Գեղարուեստա-թատերական հիմնարկի թատերական բաժինէն։ 1930ին հանդիպած է վրացի շարժանկարի բեմադրիչ Իվան Փերեսթիանիին, որ կ՚աշխատէր Յովհաննէս Թումանեանի «Անոյշ» վիպերգի շարժապատկերային տարբերակի մը վրայ։ Անհրաժեշտ փորձերը ընելէ ետք, Մոսիի գլխաւոր դերը ստանձած է։ Այնուհետեւ, Իսահակեան երեք ուրիշ դերեր ունեցած է 1931-1932ին, որոնց շարքին՝ Ամասի Մարտիրոսեանի նշանաւոր «Մեքսիկական դիպլոմատներ» շարժանկարին մէջ։

Այնուհետեւ, դերասանութենէ անցած է բեմադրութեան։ Սկսած է աշխատիլ իբրեւ բեմադրիչի օգնական Համօ Բէկնազարեանի, Ամասի Մարտիրոսեանի եւ Ստեփան Գէորգովի ժապաւէններուն մէջ։ 1937ին, ստալինեան մաքրագործումներուն ժամանակ, օգնական բեմադրիչ եղած է Ա. Մարտիրոսեանի «Սեւանի ձկնորսները» ժապաւէնին։ Շարժանկարի պատրաստութեան ընթացքին, Իսահակեան ձերբակալուած է։ Այնուհետեւ, լքած է խաղարկային շարժանկարները եւ նուիրուած՝ փաստագրական ժապաւէններու տեսակին։ Նկարած է «Պուշկինի օրերը Հայաստանում» եւ «Հայկական պղինձ» փաստանկարներ։

1939-1940ին, Իսահակեան հիմնած է շարժանկարներ կրկնօրինակելու արուեստանոց մը, իսկ Բ. Աշխարհամարտի օրերուն ռազմական գործողութիւններու ժամանակագրութիւնը կատարած է։ Պատերազմէն ետք, «Հայրենի երկիր» (1945) ժապաւէնի բեմադրիչներէն մէկը եղած է։ Այս լիաժամ փաստանկարը նուիրուած էր Խորհրդային Հայաստանի 25ամեակին, իսկ գեղարուեստական ղեկավարը եղած է խորհրդային ուքրայնացի նշանաւոր բեմադրիչ Օլեքսանդր Տովժենկոն (՚1894-1956)։ Հոն օգտագործուած են, թերեւս առաջին անգամ ըլլալով Խորհրդային Հայաստանի մէջ, Հայոց Ցեղասպանութենէն տեսարաններ։ Երգահան Աշոտ Սաթեանի «Մարտիկի երգը» («Թռչէի մտքով տուն…») գրուած է այս ժապաւէնին համար, ժողովրդային ջերմ ու մնայուն ընդունելութեան արժանանալով մինչեւ օրս։

1949-1953ին, Լեւոն Իսահակեան Հայաստանի շարժապատկերի փոխնախարար եղած է, իսկ աւելի ուշ երկար տարիներ «Հայֆիլմ»ի բեմադրիչ եղած է։ 1963ին բեմադրած է «Ճանապարհ դէպի կրկէս», առաջին հայկական գունաւոր խաղարկային շարժանկարը, որուն գլխաւոր դերը կատարած է համբաւաւոր ծաղրածու Լէոնիդ Ենգիբարեանը։ 1970ին Ենգիբարեանի մասին շարժանկար մը բեմադրած է՝ «2 – Լէոնիդ – 2»։ 1966ին արժանացած էր Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտի տիտղոսին։

Տասնամեակ մը նոր արտադրութիւններ չունենալէ ետք, 1980-1990ին Իսահակեան բեմադրած է ինը ժապաւէններ եւ հանգստեան կոչուած է 1990ին, «Երջանկութիւն» շարժանկարով։ 2000ական թուականներուն Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» փառատօնը զինք պատուած է յատուկ վկայականով՝ իր արգասաբեր արտադրութեան համար, իսկ 2008ին, 100րդ տարեդարձին առիթով, Ազգային Շարժապատկերի Արխիւը «Հայրենի երկիր» ժապաւէնի թուային տարբերակ մը հրապարակած է։

Լեւոն Իսահակեան մահացած է 3 Մարտ, 2010ին, 102 տարեկանին։