Առաջնորդարանէն

ՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ

14-15 Ապրիլին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝  Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ, Արեւելեան Թեմի Կրօնական Ժողովը սարկաւագաց հսմագումար մը կազմակերպեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի), որ մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ։

Իրենց մասնակցութիւնը բերին 40 սարկաւագներ հետեւեալ եկեղեցիներէն. Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի (Նիւ Եորք), Ս. Սարգիս եկեղեցի (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք), Ս. Վարդանանց եկեղեցի (Նիւ Ճըրզի), Սուրբ Խաչ եկեղեցի (Պեթեստա, Մէրիլէնտ), Ս. Վարդանանց եկեղեցի (Փրաւիտընս), Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի (Ուստըր, Մէսէչուսէթս), Ս. Գրիգոր եկեղեցի (Ինտիըն Օրչըրտ, Մէսէչուսէթս), Ս. Աստուածածին եկեղեցի (Ուայթընզվիլ, Մէսէչուսէթս), Ս. Ստեփանոս եկեղեցի (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս), Ս. Սարգիս եկեղեցի (Տիրպորն, Միշիկըն) եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի (Կրանիթ Սիթի, Իլինոյ)։ Սարկաւագները տեսական եւ գործնական նիւթերով օժտուած ծրագիր մը ունեցան, ինչպէս եւ աղօթքի ու ընկերային յարաբերութեան պահեր։

Դասախօսներն էին՝ Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան («Սարկաւագը եւ ծէսը»), Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան («Սարկաւագը պատմութեան մէջ»), Հրանդ Քհն. Գէորգեան («Սարկաւագը եւ Եկեղեցւոյ խորհուրդները») եւ Թորգոմ Քհն. Չորպաճեան («Անդաստան, Ջրօրհնէք, Խաղողօրհնէք եւ ռեհանի օրհնութիւն»)։ Սարգիս Ա. Քհն. Ագթաւուգեան համադրեց հարց ու պատասխանի բաժինը։ Համագումարին ողջոյնի խօսք արտասանեց Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան։ Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան եւ Սթիվ Սրկ. Շերոքի խորհրդածութիւններ հրամցուցին աղօթքի պահերուն ընթացին։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց հովիւներու եւ հոգաբարձութեանց, ինչպէս նաեւ մասնակցողներուն յանձնառութիւնը, եւ ծիսական կեանքի առնչուած գործնական թելադրութիւններ կատարեց սարկաւագներուն։

Ներկաները վայելեցին Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան հիւրասիրութիւն։ Շաբաթ, 15 Ապրիլի յետմիջօրէին, անոնց մասնակցեցան դրօշակի բարձրացման արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Ֆորթ Լիի քաղաքապետարանին մէջ, կազմակերպութեամբ Հ. Ե. Դաշնակցութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան 108ամեակին առթիւ։