ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ
Չորեքշաբթի, 19 Ապրիլի երեկոյեան, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, բացման աղօթքը կատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան 108ամեակին նուիրուած ձեռնարկին, որ կազմակերպուած էր Քոնկրէսի հայկական հարցերու յանձնախումբին կողմէ, գործակցութեամբ Հայ Դատի Յանձնախումբին, Քոնկրէսի այցելուներու կեդրոնին մէջ, Ուաշինկթըն։
Ձեռնակին մասնակցեցան երկու տասնեակ ծերակուտականններ եւ ներկայացուցիչներ, որոնք անդրադարձան ու դատապարտեցին Ատրպէյճանի յարձակումները Արցախի բնակչութեան դէմ։ Ի միջի այլոց, խօսք առին հայկական հարցերու յանձնախումբի համա-ատենապետ Ֆրէնք Փալոն (Նիւ Ճըրզի), ծերակուտական Ռոպըրթ Մենենտէզ, Ներկայացուցիչներու Տան նախկին ատենապետուհի Նէնսի Փելոսի, ծերակուտական Անթոնիօ Փատիյա, ներկայացուցիչ Ատամ Շիֆ, ներկայացուցիչ Տէյվիտ Վալատաօ եւ ուրիշներ։ Գլխաւոր բանախօսն էր դոկտ. Մայքլ Ռուպին։ Խօսք առին նաեւ ԱՄՆի Արցախի ներկայացուցիչ՝ Ռոբերտ Աւետիսեան, Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն՝ Արամ Համբարեան, Հայկական Համագումարի հոգաբարձութեան անդամ՝ Արամ Կեաւուր, եւ յունական, քրտական ու այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։