Լոյս կ՛ընծայենք հրատարակութեան խնդրանքով խմբագրութեանս ուղղուած հետեւեալ գրութիւնը։ Առ ի լուսաբանութիւն, հեղինակը կը յայտնէ, թէ 2018 թուին բարեմիտ սրտով ողջունած էր «ժողովրդավար» վարչապետին ընտրութիւնը, հաւատալով որ, զերծ նիւթական ու բարոյական ամէն «քօռուբցիա»յէ, ան պիտի հանդիսանար Ճշմարտութեան, Արդարութեան, եւ Հայ ժողովուրդի Ձայնին, ինչպէս նաեւ անոր արդար իրաւունքի մաքրամաքուր ջատագովը։ Ան այսու գրի կը յանձնէ դիմակազերծ ղեկավարին հանդէպ տածած յուսախաբութիւնը, ինչպէս նաեւ սրտի իր մորմոքն ու բողոքը։
ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Խոր «հիացումով» իրազեկ դարձանք Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետի նորագոյն ելոյթին, որով Նորին Գերազանցութիւնը՝ որպէս հոգու պարտք, Խորհրդարանին մէջ սահմանադրական, քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, ապահովութեան եւ այլ հարցերու քննարկումներէ անդին, ձեռնարկած է Սուրբ Գրոց աստուածաբանութեան լուրջ մեկնաբանութեան, լուսաւորելու համար իր գործակիցներն ու համայն հայութիւնը, մեկնակէտ ունենալով Քրիստոնէական հաւատքի ախոյեան՝ Պօղոս Առաքեալի հաստատումը, թէ «Ամէն մարդ պէտք է հնազանդի պետական իշխանութեանց, որովհետեւ առանց Աստուծոյ թոյլտուութեան իշխանութիւն չի կրնար ըլլալ, եւ գոյութիւն ունեցող իշխանութիւնները Աստուծմէ կարգուած են: Ուստի, ով որ իշխանութեանց կը հակառակի՝ Աստուծոյ հրամանին է որ հակառակած կ’ըլլայ, եւ հակառակողները իրենք զիրենք դատապարտութեան տակ կը դնեն» (Հռոմ․ 13.1-2)։ Ըստ այնմ, ի վերուստ ստացած իշխանութեամբ, հմուտ մեկնաբանը ամենայն ճարտարութեամբ այս համարը այժմէականացնելով Պետութիւն եւ Եկեղեցի յարաբերութեան շրջագծին մէջ, Ազգային Պատկառելի Ժողովոյ ներկայացուցիչները փորձած է իր անմարտնչելի չքնաղ գիւտով համոզել, թէ «եթէ եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները կառավարութեան հետ լաւ չեն, ուրեմն, եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները լաւ չեն Աստուծոյ հետ»։
Պօղոս Առաքեալ որքան հպարտ պիտի զգայ, եւ ինչպիսի խանդաղատանքով պիտի դիմաւորէ անսքեմ իր այս նորայայտ քաջարի պատգամաբերը, որ ո՛չ թէ դժբախտ, տժգոյն եւ ամայացած եկեղեցիներու կամ ժողովարաններու կամարներուն տակ համեստ ունկնդիրներու, այլ ազգային շքեղ ժողովասրահին մէջ, ի լուր Ազգիս Հայոց ճակատագիրը որոշող պետական բարձրաստիճան անձնաւորութեանց, անվեհեր կերպով կը կենսաւորէ եւ կը շեփորահարէ «անհրապոյր» նկատուող Սուրբ Գրքի մէջ արձանագրուած երկհազարմեայ հնամաշ խօսքը։
Իցի՜ւ թէ այս ճշմարտութիւնը աւելի կանուխ յայտնաբերած ըլլար Սուրբ Գրոց մասնագէտ Վարչապետը, եւ մենք պիտի խոնարհէինք իր առջեւ, որպէս մերօրեայ Նաբուգոդոնոսոր արքայի կանգնեցուցած արձանին, քաջ գիտնալով որ Ամենակալին իրեն տրուած իշխանութեամբ է, որ 2020 թուին Նոյեմբեր ամսուն 9ին ստորագրեց տխրահռչակ եւ անփառունակ համաձայնութիւնը։ Եւ նոյն գիշեր, ժողովրդավար Վարչապետը, որ ազատ համարձակ հրապարակներու վրայ իր ժողովուրդին հետ քալելու եւ զրուցելու պատիւր կը վայելէր պաշտօնի ստանձնումէն առաջ ու վերջ, եւ ամենայն նրբութեամբ իր թափանցիկութիւնը փաստելու համար հոգեհարազատ իր ժողովուրդին՝ Դիմատետրի վրայ ցոյց կուտար իր նոր գրասենեակի եւ յարակից մասերու իւրաքանչիւր անկիւնը, յանկարծ, դեսպանատան մը նկուղին մէջ ծուարած, մօտաւորապէս սա խօսքերը կ՛արտասանէր․ «Ժողովուրդ ջա՛ն, դուք ինձ չէք հասկնար հիմա, քանի մը շաբաթէն ամէն ինչ կը բացայայտեմ»։ Թէ ինչո՞ւ, եւ ինչպէ՞ս Օփերայի հրապարակին վրայ կէս միլիոն եւ աւելի ժողովուրդը իր խօսքերը կը հասկնար, եւ յանկարծ մէկ գիշերուան մէջ անկարող դարձած էր հասկնալու իր սիրեցեալ, չըսելու համար պաշտեցեալ նոր փրկարարին, շատ հաւանաբար այս անգամ մշուշով պատուած Սինա Լեռնէն կը պատգամէր ան, որով անմատչելի դարձած էր ռամիկ ու թանձրամիտ ժողովուրդին․․․
Վստահ որ Աստուծմէ ստացած իշխանութեամբ է որ հեռատես Վարչապետը Հոկտեմբեր 10, 2020ի առաջարկուած կրակմարը մերժեց, որպէսզի իր անյագ չաստուծոյ զոհասեղանին վրայ ազատատենչ Հայկ Նահապետի ժառանգորդ բազմահազար հայ երիտասարդներու արիւնը հոսէր, իրենց ետին թողլով նոյնքան եւ աւելի անմխիթար բազմահազար երիտասարդ այրիներ եւ անմեղ որբեր, որդեկորոյս հայրեր ու մայրեր․ աւելին՝ յագուրդ տար եղբայր դարձած Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ծաւալապաշտութեան․․․
Վստահ որ Աստուծմէ ստացած իշխանութեամբ է որ գթառատ Վարչապետը գերիներու փոխանակման առթիւ, ասպետական ոգիով կը վերադարձնէր թշնամիի գերիները․ իսկ նենգամիտ իր դաշնակիցը երբ բանտերու նկուղներու մէջ կ՛արգելափակէր մեր հերոս տղերքը, առանց խպնելու «դիւանագիտական ճկունութեամբ» անոնց կարեվէր սրտով փափկասուն տիկնանց եւ մայրերուն կը յայտարարէր, թէ՝ «ոչի՛նչ, քանի մը շաբաթէն շուտով կը միանան իրենց հարազատներուն», որպէս թէ շղթայակապ մեր բալիկները հաճելի արձակուրդի մէջ ըլլային հինգ աստղանի պանդոկներու մէջ, շրջապատուած հաճոյակատար «հուրի-փերիներով», հետեւաբար՝ ի՞նչ կարիք կար աճապարելու տուն դարձը։ Այո՛, քանի մը շաբաթէն․․․«ճշմարտախօս» պատգամաբեր։ Հասարակութիւնը պէտք էր հասկնար աստուածապարգեւ իշխանութեան ձեր խօսքին խորքը, թէ՝ «Տիրոջ մէկ օրը հաւասար է հազար տարիի», որով ուշ կամ կանուխ, եթէ ոչ ժամանակի մէջ, բայց անպայման յաւերժութեան մէջ հարազատները պիտի գիրկընդխառնուին․․․
Վստահ որ Աստուծմէ ստացած իշխանութեամբ է որ բնագէտ Վարչապետը հազարամեակներու հայու արիւնով ու քրտինքով սրբագործուած հողերը հեղինակաբար կը յայտարարէր որպէս «դժբախտ ու տժգոյն» շրջաններ․․․
«Զորն ասեմ, զորն խոստովանիմ» բոլոր այն ադամանդեայ խօսքերը, զորս Աստուծմէ ստացած իշխանութեամբ էր որ մերօրեայ Եռամեծար վարդապետը կը բարբառի, եւ նոյն իշխանութեամբ կը գործէ․․․
Վստահ, որ Աստուծմէ ստացած շնորհքով մանուկ մը անկաշկանդ կերպով եւ ամենայն անմեղութեամբ օր մը պիտի բացագանչէ․ «Թագաւորը մերկ է․․․»։
ՍՐՏՑԱՒ ՊԱՆԴՈՒԽՏ