Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԹՈՐՈՍ ՊԱՊԻԿԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 21 Ապրիլին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընդունեց Գանատայի Հայոց Թեմի ազգային երեսփոխան Թորոս Պապիկեանի այցելութիւնը։ Մոնթրէալաբնակ պրն. Պապիկեան նաեւ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ հոգաբարձու է, Կիրակնօրեայ Դպրոցի երկարամեայ տնօրէն, Ս. Յակոբ ազգ. վարժարանի Վարչական Խորհուրդի անդամ եւ Լիբանանի Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողաց Միութեան (ՀԵՀՈՄ) նախկին վարչութեան անդամ։ Տեղի ունեցաւ շահեկան զրոյց մը երկու համայնքներու այժմէական հարցերու մասին։