Առաջնորդարանէն

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՏՆՕՐԷՆՈԻՀԻՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԱՆՈՐ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ

Վերջերս, տիկ. Անի Յովհաննէսեան՝ Ազգային Առաջնորդարանի երիտասարդական առաքելութեան տնօրէնուհին, Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ NET Ministriesի YDisciple ծրագրի պատասխանատու՝ տիկ. Անի Կրէնտէլի հետ, որ այս առիթով յատկապէս ճամբորդած էր Սէնթ Փօլէն (Մինեսոթա)։ Երկու պատասխանատուները քննարկեցին Առաջնորդարանի երիտասարդական առաքելութեան արձանագրած յաջողութիւնները եւ դիմագրաւած մարտահրաւէները, ինչպէս եւ YDiscipleի նոր ծրագիրներն ու աղբիւրները, որոնք յառաջիկայ ամիսներուն պիտի հրապարակուին։ Տիկ. Կրէնտէլ բարձրօրէն գնահատեց Առաջնորդարանիս յանձնառութիւնը Եկեղեցւոյ ու երիտասարդութեան ծառայելու՝ Արեւելեան Թեմի ծուխերուն կարեւոր միջոցներ հայթայթելով։