ՍԱՄՍՈՆ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ («ԽԵՆԹԸ») (ծնունդ՝ 10 Մայիս, 1851)
Րաֆֆիի հռչակաւոր «Խենթը» վէպի համանուն հերոսը երեւան կու գայ առաջին գլուխի աւարտին։ Ծանօթագրութեան մէջ, նշանաւոր վիպասանը գրած է. «Երիտասարդի անունը Սամփսոն էր, բայց ես իմ վէպի հերոսից ստեղծեցի մի առանձին տիպ. դրանով թէեւ փոքր ինչ շեղուեցայ պատմական ճշդութիւնից, բայց թող ներուի ինձ, եթէ ես իսկութիւնը մասնաւորապէս զոհել եմ բանաստեղծական ազատութեանը»։
Վարդանի նախատիպարը՝ Սամսոն Տէր Պօղոսեան, ծնած է 10 Մայիս, 1851ին, ներկայ Արագիւղը, որ կը գտնուի Կոտայքի մարզին մէջ (Հայաստանի Հանրապետութիւն)։ Տարրական կրթութիւնը ստացած է հօրմէն՝ Տէր Պօղոս քահանայէն։ Այնուհետեւ, ուսումը շարունակած է Վաղարշապատի ծխական դպրոցին մէջ եւ շրջանաւարտ եղած է Ս. Էջմիածնի «Գէորգեան» ճեմարանէն։ Լաւագիտակ էր հայերէնի, ռուսերէնի, քրտերէնի եւ թրքերէնի։
1870ին ամուսնացած է Աննա Տէր Թադէոսեանի հետ եւ ունեցած՝ չորս զաւակ, որոնցմէ Արսէն Տէր Պօղոսեան (1875-1938) Բաշ Ապարանի ճակատամարտի կազմակերպիչներէն մէկն էր, իսկ Վասակ Տէր Պօղոսեան (1881-1936) Խորհրդային Հայաստանի ելեւմտական կոմիսար (նախարար) եղած է 1922-1928ին։ Երեք զաւակ եւս ունեցած է երկրորդ ամուսնութենէն։
Սամսոն Տէր Պօղոսեան իբրեւ կամաւոր մաս կազմած է զօրավար Արշակ Տէր Ղուկասովի գլխաւորած Երեւանեան գունդին՝ 1877-1878ի ռուս-թրքական պատերազմի ընթացքին։ Յունիս 1877ին, երբ Պայազիտի բերդը թրքական պաշարման ենթարկուած է, ՏէրՊօղոսեան, քիւրտի ծպտումով եւ խենթ ձեւանալով, յաջողած է անցնիլ թշնամիի գիծը եւ զեկուցել Տէր Ղուկասովին կացութեան մասին։ Ռուս օգնական զօրքերը կարողացած են ազատագրել Պայազիտը եւ փրկել բերդի կայազօրը։ Տէր Ղուկասովի բարեխօսութեամբ, ռուս զինուորական իշխանութիւնները Տէր Պօղոսեանին շնորհած են սպայի կոչում, Սուրբ Գէորգի ոսկիէ խաչ եւ նշանակած են ցկեանս թոշակ։
Ան շարունակած է իր զինուորական ծառայութիւնը պատերազմէն ետք, կատարած է հետախուզական առաջադրանքներ եւ թարգմանիչի պարտականութիւններ։ Աւելի ուշ զբաղած է թիկունքի խնդիրներով եւ բարձրացած է զինուորական աստիճանակարգով մինչեւ գնդապետի աստիճան։ Ծառայած է Թիֆլիսի եւ Ս. Փեթերպուրկի մէջ։ Ծառայութենէն արձակուելէ ետք, վերադարձած է Հայաստան։
1880-1890ական թուականներուն, Սամսոն Տէր Պօղոսեան եւ իր ձիաւորները պայքարած են Արարատեան դաշտի եւ շրջակայ հայկական գիւղերը ասպատակող քրտական հրոսակախումբերուն դէմ։ 1896ին Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը նախապատրաստած է արշաւախումբի մը կազմութիւնը։ Արեւմտեան Հայաստան մեկնելու կոչուած արշաւախումբին առաւել հմայք տալու համար կուսակցութիւնը փորձած է Սամսոն Տէր Պօղոսեանը մասնակից դարձնել արշաւանքին։ Խենթը համաձայնած է մասնակցիլ ծրագրին, որ իրականացած չէ այդ տարի։ Սակայն, ան մերժած է մասնակցիլ 1897ին տեղի ունեցած արշաւանքին, որ ծանօթ է իբրեւ Խանասորի արշաւանքը։
1903-1906ին, Սամսոն Տէր Պօղոսեան Վայոց ձորի գաւառի գաւառապետի օգնական եւ ապա պաշտօնակատար եղած է, իսկ 1906-1911ին՝ Էջմիածնի գաւառի ջրաբաշխ։ 1890ին հայրենի Արագիւղի մէջ իր անձնական միջոցներով հիմնած է տարրական դպրոց մը, որու ուսուցիչներուն վճարելու համար ամենամեայ ֆինանսական օգնութիւն յատկացուցած է մինչեւ կեանքին վերջը։
Մահացած է Վաղարշապատի մէջ, 23 Ապրիլ 1911ին։ Թաղման արարողութեան մասնակցած են Էջմիածնի, Աշտարակի ու Ապարանի գաւառամասերու գիւղերու գիւղապետեր ու գիւղացիներ, կառավարական պաշտօնեաներ, Էջմիածնի միաբանութեան եպիսկոպոսներ, վարդապետներ եւ գիւղերու քահանայական դասերը։ Թաղման հոծ թափօրը հերոսի մարմինը հողին յանձնած է Ս. Գայիանէ եկեղեցւոյ ձախակողմեան պատին տակ։
1974ին, Սամսոն Տէր Պօղոսեանի՝ Խենթի կիսանդրին զետեղուած է Արագիւղի գերեզմանատան սկզբնամասին մէջ։