Ի ՅԻՇԱՏԱԿ

ՉԱՐԼԶ ՆԱԶԱՐԵԱՆԻ (1933-2023)

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովները ցաւով իմացան Փրաւիտընսի հոգեւոր հովիւ եւ Կրօնական Ժողովի անդամ՝ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեանի հօր՝ պրն. Չարլզ Նազարեանի մահը (Նորթ Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ), որ տեղի ունեցած է Հինգշաբթի, 27 Ապրիլին, 90 տարեկանին։

Չարլզ Նազարեան ծնած է Ֆիլատելֆիա, 1933ին։ Զաւակն էր Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներ Յարութիւն Նազարեանի եւ Արփինէ Սիրականեան-Նազարեանի։ Մէկ տարեկանին, կորսնցուցած է 29ամեայ հայրը։ Տարի մը ետք, մայրը իր երկու զաւակներով՝ Չարլզը եւ 3 տարեկան Ռոզը, հաստատուած է Մարսէյլ, ցեղասպանութենէն ետք հոն հաստատուած իրենց մեծ մօր քով։ Քանի մը տարի ետք, Արփինէ Սիրականեան ամուսնացած է մարսէյլաբնակ վերապրող Նշան Ազնաւորեանի հետ։ 1939ին, վերջինիս եղբօր օժանդակութեամբ, ընտանիքը հաստատուած է Փրաւիտընս, ուր Չարլզ Նազարեան ապրած է մինչեւ կեանքի վերջը։

Միացեալ Նահանգներու բանակին մէջ ծառայելէ ետք Գորէայի պատերազմի ընթացքին, յաճախած ու աւարտած է Johnson & Wales գործարարական դպրոցը (այժմ՝ համալսարան)։ Աւելի քան 40 տարի աշխատած է իբրեւ արդիւնաբերական ճարտարագէտ։

Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ գործօն ու երկարամեայ անդամ եղած է։ 2011ին, մեծարուած է Նորթ Փրաւիտընս քաղաքին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման եւ դրօշակի արարողութեան ընթացքին։ Նաեւ գործօն ազատ որմնադիր էր։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Ազգային Վարչութիւնը իր ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի կնոջ՝ տիկ. Կլորիա Գասպարեան-Նազարեանին, զաւակներուն՝ Կրօնական Ժողովի անդամ՝ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեանին ու երէցկին Տեպրային, Մայքլ Նազարեանին, ինչպէս եւ անոր թոռներուն եւ քրոջ զաւակներուն։

Աստուած հոգին լուսաւորէ։