Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ, 7 ՄԱՅԻՍ, ԵՐԵՒՄԱՆ Ս. ԽԱՉ

Ընթերցումներուն մասին. Երկուշաբթի, 17 Ապրիլէն մինչեւ Հոգեգալուստ (28 Մայիս), իւրաքանչիւր օր չորս աւետարանները հետեւեալ կարգով կը կարդացուին. 1) Առաւօտեան՝ Ղուկաս, 2) Կէսօրին՝ Յովհաննէս, 3) Երեկոյեան՝ Մատթէոս, 4) Երեկոյեան աւարտին՝ Մարկոս։ Հոգեգալուստին, չորս աւետարանները կը կարդացուին մինչեւ խաչելութեան պատումը։

Ընթերցումներ՝ Գաղատացիներուն 6:14-18, Մատթէոս 24:30-36. 1) Ղուկաս 11:33-12:12; 2) Առաքեալներու Գործերը 17:1-15, 1 Յովհաննէս 1:1-10, Յովհաննէս 7:14-23, 3) Մատթէոս 13:53-58, Յովհաննէս 19:25-30, 4) Մարկոս 6:30-44 

 

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 7:14-23

Տաղաւարահարաց տօնակատարութեան մօտաւորապէս կէսին, Յիսուս տաճար ելաւ եւ սկսաւ ուսուցանել: Հրեաներ կը զարմանային եւ կ’ըսէին.

 Ի՞նչպէս այս մարդը Սուրբ գիրքերը գիտէ, երբ բնաւ չէ ուսած զանոնք:

 

Յիսուս պատասխանեց անոնց.

 Ինչ որ ձեզի կ’ուսուցանեմ՝ իմ վարդապետութիւնս չէ, այլ անորը՝ որ զիս ղրկեց: Ով որ կ’ուզէ Աստուծոյ կամքը կատարել, պիտի հասկնայ՝ թէ Աստուծմէ՞ է այս վարդապետութիւնը, թէ ես իմ հեղինակութեամբս կը խօսիմ: Ան որ իր հեղինակութեամբ կը խօսի՝ իր անձին համար փառք կը փնտռէ, իսկ ան որ զինք ղրկողին փառքը կը փնտռէ, ճշմարիտ է եւ խաբէութիւն չկայ անոր մէջ: Մովսէս ձեզի Օրէնքը չտուա՞ւ. սակայն ձեզմէ ո՛չ ոք կը հնազանդի Օրէնքին: Ինչո՞ւ կ’ուզէք զիս սպաննել:

 

Ժողովուրդը պատասխանեց.

 Դիւահա՞ր ես, ի՞նչ ես. ո՞վ կ’ուզէ քեզ սպաննել:

 

Յիսուս պատասխանեց.

 Հրաշք մը գործեցի եւ բոլորդ վրդովեր էք: Մովսէս հրահանգեց թլփատել ձեր զաւակները թէեւ Մովսէս չէր սկսողը, այլ ձեր նախահայրերը եւ դուք ձեր զաւակները կը թլփատէք Շաբաթ օրով: Եթէ մէկը կը թլփատէք Շաբաթ օրով, որպէսզի չբեկանուի Մովսէսի Օրէնքը, ինչո՞ւ զայրացած էք ինծի դէմ, որովհետեւ մէկը ամբողջութեամբ բժշկեցի Շաբաթ օրով:

ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 17:1-15

Ամփիպոլիս եւ Ապոլոնիա քաղաքները շրջելէ ետք, Պօղոս եւ Շիղա Թեսաղոնիկէ եկան, ուր Հրեաներու ժողովարան մը կար: Պօղոս ըստ իր սովորութեան ժողովարան գնաց եւ երեք Շաբաթ օրեր անոնց խօսեցաւ: Կը բանար ու կը բացատրէր Սուրբ գիրքերը, անոնցմով կ’ապացուցանէր, թէ ի՛նչպէս Քրիստոս պիտի չարչարուէր ու մեռելներէն յարութիւն առնէր, եւ կ’ըսէր.

Այն Յիսուսը, որ ես ձեզի կը քարոզեմ, ա՛ն է Քրիստոսը՝ խոստացուած Փրկիչը:

 

Թեսաղոնիկեցի Հրեաներէն ոման հաւատացին եւ Պօղոսի ու Շիղայի յարեցան: Նոյնպէս անոնց յարեցան շատ մը աստուածապաշտ Յոյներ եւ նկատառելի թիւով երեւելի կիներ:

 

Հրեայ ղեկավարները նախանձեցան եւ փողոցներէն քանի մը դատարկապորտ անօրէններ հաւաքելով՝ ամբոխ կազմեցին, ամբողջ քաղաքը խռովեցին եւ Յասոնի տան վրայ խուժեցին՝ Պօղոսն ու Շիղան բռնելու եւ ժողովուրդին առջեւ հանելու համար: Բայց երբ զանոնք չգտան, Յասոնն ու քանի մը ուրիշ հաւատացեալներ քաշեցին տարին քաղաքի իշխաններուն առջեւ, պոռալով.

Այս մարդիկը, որոնք ամբողջ աշխարհը իրար անցուցին, հիմա մեր քաղաքը եկեր են, եւ Յասոն իր տունը առեր է զիրենք: Ասոնք բոլորը կայսրին հրահանգներուն հակառակ կը գործեն, որովհետեւ ուրի՛շ թագաւոր մը կը ճանչնան՝ Յիսուս անունով:

 

Այս խօսքերով անոնք խռովեցուցին ամբոխը եւ քաղաքի իշխանները: Սակայն իշխանները Յասոնէն եւ միւս քրիստոնեաներէն երաշխաւորութիւն առնելով՝ ազատ արձակեցին զանոնք:

 

Հազիւ գիշերը վրայ հասած՝ քրիստոնեաներ Բերիա ղրկեցին Պօղոսն ու Շիղան, որոնք երբ հոն հասան՝ Հրեաներու ժողովարանը գացին: Բերիայի Հրեաները աւելի ազատամիտ էին քան Թեսաղոնիկեցիները, ուստի մեծ յօժարութեամբ ընդունեցին Աստուծոյ խօսքը եւ ամէն օր Սուրբ գիրքերը կը քննէին, տեսնելու համար թէ ճշմարի՞տ են Պօղոսի քարոզածները: Անոնցմէ շատեր հաւատացին: Նմանապէս հաւատացին բազմաթիւ ազնուական Յոյն կիներ եւ այրեր: Բայց երբ Թեսաղոնիկէի Հրեաները իմացան թէ Պօղոս Բերիայի մէջ եւս Աստուծոյ խօսքը քարոզեց, հոն ալ եկան՝ ժողովուրդը գրգռելու եւ խռովութիւն ստեղծելու համար: Ուստի հաւատացեալները անմիջապէս Պօղոսը մինչեւ ծովեզերք ղրկեցին, իսկ Շիղա եւ Տիմոթէոս հոն մնացին: Պօղոսի ընկերացողները զինք մինչեւ Աթէնք հասցուցին եւ ապա Բերիա դարձան, Շիղայի եւ Տիմոթէոսի համար Պօղոսէն պատուէր առնելով՝ որ շուտով գան իր մօտ: