Ընթերցումներուն մասին. Երկուշաբթի, 17 Ապրիլէն մինչեւ Հոգեգալուստ (28 Մայիս), իւրաքանչիւր օր չորս աւետարանները հետեւեալ կարգով կը կարդացուին. 1) Առաւօտեան՝ Ղուկաս, 2) Կէսօրին՝ Յովհաննէս, 3) Երեկոյեան՝ Մատթէոս, 4) Երեկոյեան աւարտին՝ Մարկոս։ Հոգեգալուստին, չորս աւետարանները կը կարդացուին մինչեւ խաչելութեան պատումը։
1) Ղուկաս 14:25-15:32; 2) Առաքեալներու Գործերը 20:17-38; 1 Յովհաննէս 3:2-6; Յովհաննէս 9:39-10:10; 3) Մատթէոս 16:13-17:13; 4) Մարկոս 8:27-9:13
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 20:17-38
Միլետոսէն Պօղոս լուր ղրկեց Եփեսոս եւ եկեղեցւոյ երէցները իր քով կանչեց: Երբ անոնք եկան, ըսաւ անոնց.
– Դուք անձամբ գիտէք, թէ Ասիա գալուս առաջին օրէն ի վեր ի՛նչպէս վարուեցայ ձեզի հետ, ամբողջ այս ժամանակամիջոցին: Ամենայն խոնարհութեամբ եւ յաճախ արցունքով ծառայեցի Տիրոջ, Հրեաներուն նիւթած բոլոր փորձութիւնները կրելով: Գիտէք, թէ բնաւ չքաշուեցայ ձեզմէ, օգտակար բաներու մասին խօսեցայ եւ սորվեցուցի ձեզի, հրապարակաւ ըլլայ թէ տուներու մէջ: Թէ՛ Հրեաներուն եւ թէ՛ հեթանոսներուն տուի նոյն վկայութիւնը եւ պատգամը՝ ապաշխարութեամբ Աստուծոյ դառնալու եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հաւատալու:
Հիմա, ահաւասիկ, Սուրբ Հոգիին մղումով Երուսաղէմ կ’երթամ: Չեմ գիտեր թէ հոն ի՛նչ պիտի պատահի ինծի: Միայն գիտեմ, թէ ամէն մէկ քաղաքի մէջ Սուրբ Հոգին կ’ազդարարէ ինծի, ըսելով թէ բանտարկութիւն եւ նեղութիւն կը սպասեն ինծի: Բայց հոգս չէ. ինծի համար կարեւորը կեանքս չէ, այլ՝ կ’ուզեմ ուրախութեամբ իր վախճանին հասցնել սկսած գործս, այն պաշտօնը որ Տէր Յիսուս տուաւ ինծի՝ Աստուծոյ շնորհքը աւետարանելու:
Հիմա գիտեմ, թէ այսուհետեւ պիտի չտեսնէք զիս: Եկայ ձեզի բոլորիդ, շրջեցայ եւ Աստուծոյ արքայութիւնը քարոզեցի, եւ ահաւասիկ կը յայտարարեմ այսօր՝ թէ խիղճս հանդարտ է, որովհետեւ առանց քաշուելու յայտնեցի ձեզի Աստուծոյ կամքը: Հսկեցէ՛ք ձեր անձերուն եւ ձեր ամբողջ հօտին, որուն տեսուչ կարգեց ձեզ Սուրբ Հոգին: Հովուեցէ՛ք Տիրոջ եկեղեցին, որ ան իր արիւնով գնեց: Որովհետեւ գիտեմ, թէ իմ մեկնումէս ետք յափշտակիչ գայլեր պիտի մտնեն ձեր մէջ, որոնք պիտի չխնայեն հօտին: Ձեր մէջէն եւս պիտի ելլեն մարդիկ, որոնք սխալ բաներ պիտի ուսուցանեն, հաւատացեալները իրենց ետեւէն տանելու համար: Հետեւաբար արթո՛ւն եղէք, յիշեցէք թէ ի՛նչպէս երեք տարի անդադար, գիշեր ու ցերեկ, արցունքով խրատեցի իւրաքանչիւրդ: Եւ հիմա ձեզ կը յանձնեմ Աստուծոյ եւ իր շնորհքի Աւետարանին, որ կրնայ ձեզ հոգեւորապէս աճեցնել եւ իր բոլոր սուրբերուն ժառանգակից դարձնել: Ոեւէ մէկուն արծաթին, ոսկիին կամ հագուստին չցանկացի: Դուք ինքնին գիտէք, թէ իմ այս ձեռքերովս շահեցայ եւ հոգացի թէ՛ իմ եւ թէ՛ ընկերակիցներուս պէտքերը: Եւ կեանքիս օրինակով ցոյց տուի՝ թէ այսպէս պէտք է աշխատիլ եւ տկարներուն օգնել, յիշելով այն խօսքը որ Տէր Յիսուս ինք ըսաւ, թէ՝ «Աւելի երջանկաբեր է տալը, քան առնելը»:
Իր խօսքը վերջացնելէ ետք, Պօղոս բոլորին հետ ծունկի եկաւ եւ աղօթեց: Բոլորը սկսան լալ եւ Պօղոսի վիզին փաթթուելով կը համբուրէին զինք: Կը մորմոքէին մանաւանդ անոր համար, որ կ’ըսէր՝ թէ այլեւս զինք պիտի չտեսնեն: Ապա անոր ընկերացան մինչեւ նաւ:
1 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 3:2-6
Սիրելինե՛ր, այժմ Աստուծոյ որդիներ ենք: Թէ ի՛նչպէս պիտի ըլլանք յետոյ՝ տակաւին չենք գիտեր: Բայց գիտենք թէ՝ երբ Քրիստոս յայտնուի, իրեն նման պիտի ըլլանք, որովհետեւ զինք պիտի տեսնենք իր իսկութեան մէջ: Ով որ այս յոյսը ունի՝ ինքզինք կը մաքրէ, ինչպէս որ Քրիստոս ինք մաքուր է:
Ով որ կը մեղանչէ, Աստուծոյ Օրէնքը կը խախտէ, եւ մեղքը ինքնին Օրէնքին խախտումն է: Գիտէք թէ Քրիստոս աշխարհ եկաւ՝ մեր մեղքերը ջնջելու համար, եւ թէ իր մէջ մեղք չկայ: Ով որ Քրիստոսի միացած կը մնայ, չի մեղանչեր. իսկ ով որ կը մեղանչէ, զայն երբեք տեսած ու ճանչցած չէ: