ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐՈՒՄԸ ԿԸ ԳԼԽԱՒՈՐԵՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՕՐԱԿԱՐԳԸ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովուապետական այցելութիւնը եւ ռազմավարական ծրագրումի նիստ մը Արեւելեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի օրակարգի գլխաւոր նիւթերուն մաս պիտի կազմեն։ Ժողովը պիտի գումարուի յառաջիկայ 18-20 Մայիսին, Փրաւիտընսի մէջ (Ռոտ Այլընտ), Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ։
«Միշտ անհամբեր կը սպասեմ այս առիթին՝ հոգեւորականներուն եւ բոլոր ծուխերու ներկայացուցիչներուն հետ յաջորդ տարուան ծրագիրը կազմելու», յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ «Ան միշտ գերազանցած է իմ ակնկալութիւններս»։
Բոլոր ծուխերէն ժամանած երեսփոխանները, որոնք պիտի հիւրընկալուին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ կողմէ, պիտի քննեն կանոնագրային փոփոխութիւններ եւ ելեւմտական հարցեր, ներառեալ՝ Ազգային Առաջնորդարանի 2023-2024ի պիւտճէն, ինչպէս նաեւ տեղի պիտի ունենան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու ընտրութիւններ։
Հովուապետական այցելութեան ծրագրումն ու ֆինանսաւորումը օրակարգի առաջին տեղը պիտի գրաւեն։ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Արեւելեան Թեմի Միացեալ Նահանգներու ծուխերը պիտի այցելէ 19 Հոկտեմբերէն մինչեւ 21 Նոյեմբեր։
Երեսփոխանական Ժողովին լայնօրէն պիտի անդրադառնանք “Crossroads”ի յաջորդ թիւերուն, ինչպէս եւ Ազգային Առաջնորդարանի ընկերային ցանցերու միջոցով։