Կաթողիկոսարանէն

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՔՈՒԷՅԹ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հնգօրեայ հովուապետական այցելութիւն մը տուաւ Քուէյթ, 9-13 Մայիսին, ուր հանդիպումներ ունեցաւ հայ համայնքին ու եկեղեցական ղեկավարներու հետ, ինչպէս եւ պաշտօնատարներու եւ դիւանագէտներու հետ։

Այցելութեան առաջին օրը, Երեքշաբթի, 9 Մայիսին, Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց միջ-եկեղեցական գոհաբանական արարողութեան մը Քուէյթի յոյն ուղղափառ առաջնորդարանին մէջ, որուն մասնակեցան Հայ, Յոյս Ուղղափառ, Յոյն Կաթողիկէ, Ղպտի Ուղղափար, Ղպտի Կաթողիկէ, Աւետարանական, Կաթողիկէ եւ Մարոնի եկեղեցիներու ղեկավարներն ու հաւատացեալները։

Սփիւռքի Բ. տարուան ծիրին մէջ, Հինգշաբթի, 11 Մայիսին, Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպեցաւ Քուէյթի հայկական կազմակերպութիւններուն հետ Ս. Ներսէս Շնորհալի սրահին մէջ։ Առիթ մըն էր, որպէսզի համայնքի ներկայացուցիչները իրենց ծրագիրները, թելադրանքները եւ մտահոգութիւնները ներկայացնէին, ինչպէս եւ ուղղութիւն ստանային Վեհափառ Հայրապետէն։

Նոյն օրը, Արամ Ա. Վեհափառ այցելեց Քուէյթի ազգային վարժարանը եւ «Արեգակ» մանկապարտէզը, ուր ջերմօրէն ընդունուեցաւ տնօրէններու, վարչական կազմի, հոգաբարձութեան, ուսուցչակազմի եւ աշակերտներու։ Աշակերտները ելոյթներ ունեցան, ներառեալ երգեր ու արտասանութիւններ։ Վեհափառ Հայրապետը իր ուրախութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն, տնօրէններու եւ ուսուցչական կազմի հետ հանդիպելէ առաջ։

Խճողուած օրակարգին մաս կը կազմէր Հայաստանի Հանրապետութեան Քուէյթի դեսպանատան այցելութիւնը, ուր Վեհափառին ընդունեց դեսպան Սարմէն Բաղդասարեան։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի աճող յարաբերութիւնները Քուէյթի հետ եւ տեղւոյն հայ համայնքի դերը։

Ուրբաթ, 12 Մայիսին, Նորին Սրբութիւնը նախագահեց Ս. Պատարագին Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ եւ իր հայրապետական պատգամը ուղղեց հաւատացեալներուն, ներառեալ դեսպաններ եւ պաշտօնատարներ։ Վեհափառ Հայրապետը իր ուրախութիւնը յայտնեց Քուէյթ այցելելու եւ համայնքին հետ հանդիպելու համար, դրուատելով անոր ծաղկուն իրավիճակը։ Ան բարձրօրէն գնահատեց Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեանը իր ժրաջան աշխատանքին համար եւ անոր շնորհեց եպիսկոպոսական խոյր կրելու իրաւունքը։ Վեհը նաեւ գնահատեց Արժպ. Տ. Արտակ Քհն. Քէհեաեանի երկարամեայ ծառայութիւնը գաղութէն ներս։

Արամ Ա. Կաթողիկոսն ու իր շքախումբը այցելեցին Վատիկանի դեսպանատունը, ուր ընդունուեցան Ծոցի երկիրներու նուիրակ Իւճին արք. Նիւճընթի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին, անոնք քննեցին շրջանի, ինչպէս եւ հոն ապրող քրիստոնեայ համայնքներու իրավիճակը։