Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ, 21 ՄԱՅԻՍ – Բ. ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ

Ընթերցումներուն մասին. Երկուշաբթի, 17 Ապրիլէն մինչեւ Հոգեգալուստ (28 Մայիս), իւրաքանչիւր օր չորս աւետարանները հետեւեալ կարգով կը կարդացուին. 1) Առաւօտեան՝ Ղուկաս, 2) Կէսօրին՝ Յովհաննէս, 3) Երեկոյեան՝ Մատթէոս, 4) Երեկոյեան աւարտին՝ Մարկոս։ Հոգեգալուստին, չորս աւետարանները կը կարդացուին մինչեւ խաչելութեան պատումը։

1) Ղուկաս 19.29-48. 2) Առաքեալներու Գործերը 23.12-35. 1 Յովհաննէս 5.13-21. Յովհաննէս 12.12-23. 3) Մատթէոս 20.29-21.17. 4) Մարկոս 10.46-11.11

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 12.12-23

Յաջորդ օր, ժողովուրդի մեծ բազմութիւն մը, որ Զատիկի տօնին առիթով Երուսաղէմ եկած էր, երբ լսեց թէ Յիսուս Երուսաղէմ կու գայ, արմաւենիի ճիւղեր առաւ եւ Յիսուսը դիմաւորելու ելաւ, բարձրաձայն աղաղակելով.

«Ովսաննա՜,

օրհնեա՜լ ըլլայ ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով,

Իսրայէլի թագաւորը»:

 

Յիսուս էշ մը գտնելով՝ նստաւ անոր վրայ, ինչպէս որ Սուրբ գիրքերուն մէջ գրուած է.-

«Մի՛ վախնար, ո՜վ Երուսաղէմ, Սիոնի՛ աղջիկ.

ահա թագաւորդ քեզի կու գայ

իշու մը աւանակին վրայ նստած»:

 

Յիսուսի աշակերտները այս բոլորը չհասկցան ատենին, բայց երբ Յիսուս փառաւորուեցաւ՝ այն ատեն յիշեցին, թէ այս կատարուածները Յի­սուսի համար գրուած էին եւ իրենք այդ գրուածն էր որ կատարեցին: Բոլոր անոնք, որոնք Յիսուսի հետ էին՝ երբ անիկա Ղազարոսը կանչեց գերեզմանէն եւ զայն մեռելներէն յարուցանեց, այդ մասին վկայութիւն կու տային: Այդ իսկ պատճառով Երուսաղէմ գտնուողները բոլորն ալ զինք դիմաւորելու ելան, որովհետեւ լսած էին, թէ ի՛նչպէս անիկա յարութեան հրաշքը գործած էր: Իսկ Փարիսեցիները իրարու կ’ըսէին.

 

 Կը տեսնէ՞ք որ բան մըն ալ չենք կրնար ընել. ահա ամբողջ աշխարհը իրեն կը հետեւի:

 

Տօնին առիթով կարգ մը Յոյներ ալ եկած էին Երուսաղէմ՝ Աստուծոյ երկրպագելու: Անոնք մօտեցան Փիլիպպոսի, որ Գալիլեայի Բեթսայիդա քաղաքէն էր, եւ աղաչելով ըսին.

 

 Տէ՛ր, կ’ուզենք Յիսուսը տեսնել:

 

Փիլիպպոս եկաւ Անդրէասին ըսաւ եւ երկուքը միասին Յիսուսի ներկայացուցին անոնց խնդրանքը:

Յիսուս պատասխանեց անոնց.

 Ահա Մարդու Որդիին փառաւորուելու ժամը հասաւ:

 

ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 23.12-35

Յաջորդ առաւօտ, կարգ մը Հրեաներ իրարու քով եկան եւ իրենք զիրենք նզովքի տակ դնելով՝ երդում ըրին չուտել ու չխմել, մինչեւ չսպաննեն Պօղոսը: Քառասուն հոգիէն աւելի էին այս երդումը ընողները: Ասոնք մօտեցան աւագ քահանաներուն ու երէցներուն եւ ըսին.

 

Մենք մեզ նզովքի տակ դնելով երդում ըրինք՝ բան չճաշակել, մինչեւ Պօղոսը չսպաննենք: Դուք Ատեանին անունով հազարապետին լուր ղրկեցէք որ զայն ձեզի ղրկէ, պատճառաբանելով՝ թէ կ’ուզէք իր մասին աւելի ստոյգ տեղեկութիւն ունենալ: Իսկ մենք պատրաստ կ’ըլլանք արդէն, եւ անիկա տակաւին հոս չհասած՝ կը սպաննենք զինք:

 

Պօղոսի քրոջ տղան այս դաւադրութիւնը իմանալով, եկաւ զօրանոց եւ Պօղոսին պատմեց: Պօղոս հարիւրապետներէն մէկը կանչելով, ըսաւ.

Այս պատանին հազարապետին տար, որովհետեւ իրեն ըսելիք մը ունի:

 

Հարիւրապետը զայն հազարապետին տարաւ եւ ըսաւ.

Բանտարկեալ Պօղոսը զիս կանչեց եւ խնդրեց որ այս պատանին քեզի բերեմ, որովհետեւ քեզի ըսելիք մը ունի:

 

Հազարապետը պատանիին ձեռքէն բռնելով մէկ կողմ տարաւ եւ հարցուց.

Ի՞նչ ունիս ինծի ըսելիք:

 

Պատանին ըսաւ.

Հրեաները համաձայնեցան քեզմէ խնդրել, որ վաղը Պօղոսը Ատեան ղրկես, որպէս թէ աւելի մանրակրկիտ հարցու-փորձելու համար զայն: Բայց մտիկ մի՛ ըներ իրենց. որովհետեւ իրենց մէջէն քառասունէ աւելի մարդիկ իրենք զիրենք նզովքի տակ դնելով երդում ըրած են չուտել ու չխմել՝ մինչեւ չսպաննեն զայն. եւ հիմա դարան մտած ու պատրաստ՝ կը սպասեն քու հրամանիդ:

 

Հազարապետը պատանին ճամբեց, պատուիրելով.

Ոեւէ մէկուն մի՛ ըսեր ինչ որ ինծի յայտնեցիր:

 

Ապա հազարապետը հարիւրապետներէն երկու հոգի կանչելով, ըսաւ.

Երկու հարիւր հետեւակ, եօթանասուն հեծեալ եւ երկու հարիւր տիգաւոր զինուորներ թող պատրաստ ըլլան գիշերուան ժամը իննին դէպի Կեսարիա ճամբայ ելլելու: Պօղոսին համար ալ գրաստ պատրաստեցէք եւ զայն ապահով կերպով Ֆելիքս կառավարիչին հասցուցէք:

 

Նամակ մըն ալ գրեց, հետեւեալ բովանդակութեամբ.-

«Կլաւդիոս Լիսիասի կողմէ՝ նորին գերազանցութիւն Ֆելիքս կառավարիչին: Ողջոյն»:

«Հրեաներ բռներ էին այս մարդը եւ զինք սպաննելու վրայ էին: Իմանալով որ Հռոմայեցի է, վրայ հասայ եւ զինք ազատեցի: Ուզեցի գիտնալ թէ ի՛նչ յանցանքով կ’ամբաստանեն զինք. ուստի իրենց Ատեանը տարի զինք. եւ հասկցայ թէ իրենց Օրէնքին վերաբերող խնդիրներու համար կ’ամբաստանեն. այսինքն՝ մահուան կամ բանտարկութեան արժանի յանցանք մը չունի: Բայց երբ ինծի իմացուցին՝ թէ Հրեաներ դաւ մը լարած են իր կեանքին դէմ, զայն իսկոյն քեզի ղրկեցի, հրամայելով որ ամբաստանողները քեզի ներկայացնեն իրենց ըսելիքները: Ողջ եղիր»:

 

Հազարապետին հրամանին համաձայն, հետեւակ զինուորները առին Պօղոսը եւ գիշերով Անտիպատրիս փոխադրեցին, եւ յաջորդ օրը զայն իրենց ընկերացող հեծեալներուն յանձնելով՝ իրենք զօրանոց վերադարձան: Հեծեալները Կեսարիա հասան եւ նամակը կառավարիչին տալով՝ Պօղոսն ալ անոր ներկայացուցին: Կառավարիչը նամակը կարդաց եւ Պօղոսին հարցուց թէ կայսրութեան ո՛ր նահանգէն է. եւ հասկնալէ ետք թէ Կիլիկիայէն է, ըսաւ.

Երբ որ քեզ ամբաստանողները գան, կը լսեմ քեզ:

 

Եւ հրամայեց որ զայն Հերովդէսի ապարանքին մէջ պահեն: