Կաթողիկոսարանէն

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԳԱՆԱՏԱ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. ժամանած է Գանատա հովուապետական այցելութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանան Դպրեվանքի տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, իբրեւ գաւազանակիր, եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետ՝ տիար Գրիգոր Մահսէրէճեան։ Այս առիթով, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, մեկնեցաւ Մոնթրէալ։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ Շաբաթ, 3 Յունիսին, Մոնթրէալի Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ, եւ ներկայ պիտի գտնուի Նորին Սրբութեան ի պատիւ ճաշկերոյթին, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 4 Յունիսին։

Վեհափառ Հայրապետը պիտի այցելէ Գանատայի բոլոր ծուխերը Յունիս 1էն մինչեւ Յունիս 17։ Բացառաբար, յառաջիկայ Հինգշաբթի, 8 Յունիսին, պիտի այցելէ Արեւելեան Թեմի Ս. Յակոբ եկեղեցին (Նիակարա Ֆոլզ)։