ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ՝ ԱՐՑԱԽԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ՅԱՆՁՆԵԼ ՄԱՀԱՎՃԻՌԻ ՀԱՄԱՐԺԷՔ Է
Միացեալ Նահանգներու երեք հայ յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերը միասնաբար ազդարարեցին նախագահ Ճօ Պայտընին, որ պարտադրել Արցախի յանձնումը Ատրպէյճանի տիրապետութեան կ՚ենթադրէ «մահավճիռ մը այս սրբազան հողի 120.000 տղամարդիկ, կին ու մանուկ հաշուող հայութեան համար»։
Երեքշաբթի, 30 Մայիսին, հոգեւոր պետերը գրեցին ԱՄՆի նախագահին ուղղուած նամակին մէջ . «Մենք՝ հայկական ծագումով ամերիկացի քրիստոնեաներու հոգեւոր պետերը, կոչ կ՚ուղղենք ձեզի հաստատօրէն կանգնելու ընդդէմ որեւէ փորձի, որ Արցախի քրիստոնեայ հայերուն վրայ կը միտի պարտադրել Ատրպէյճանի լուծը, երկիր մը, որ բացայայտօրէն յանձնառու է հայոց հայրենիքի այս հնամեայ տարածքի տեղաբնիկ ժողովուրդը ազգային մաքրագործման ենթարկելու»։ Նամակը Պայտընին կոչ ուղղեց նաեւ զանց ընել «Ազատութեան աջակցութեան օրէնք»ի 907րդ բաժինի իր հրաժարումը (waiver), առկախելով ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնը Ատրպէյճանին։
Նամակը ստորագրած են Յովնան Արքեպիսկոպոս՝ Արեւմտեան Թեմի (էջմիածնական) առաջնորդ, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս՝ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ, Մեսրոպ վրդ. Պարսամեան՝ Արեւելեան Թեմի (էջմիածնական) Առաջնորդ, Թորգոմ Եպիսկոպոս՝ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ, Միքայէլ Եպս. Մուրատեան՝ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ, Վեր. Հենտրիկ Շահնազարեան՝ Հայ Աւետարանական Միութեան հովիւի պաշտօնակատար, եւ Զաւէն Խանճեան՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն։