ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ՝ ՆԻԱԿԱՐԱ ՖՈԼԶԻ ՄԷՋ
Հինգշաբթի, 8 Յունիսին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Գանատա իր հովուապետական այցելութեան առթիւ, բացառաբար այցելեց Գանատայի սահմանակից հանդիսացող Նիակարա Ֆոլզի հայ գաղութին։ Միջօրէին, Վեհափառ Հայրը Գանատայէն ամերիկեան սահմանը անցաւ յատուկ շքախումբով։ Վեհափառին կ՚ընկերանային Գանատայի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս, ԱՄՆի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Թորգոմ Եպիսկոպոս, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետ՝ տիար Գրիգոր Մահսէրէճեան, եւ գաւազանակիր՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան։
Վեհափառ Հայրը, այցելելէ ու աղօթելէ ետք քաղաքի գերեզմանատան մէջ, ուր բազմաթիւ հայեր թաղուած են տարիներու ընթացքին, ուղղուեցաւ Ս. Յակոբ եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցաւ պետական անձնաւորութեանց, հովիւի, հոգաբարձութեան եւ ծխականներու կողմէ։
Հրաշափառի արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատշաճ ընդունելութիւն եւ գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը։ Բարի գալուստի խօսք արտասանեցի քաղաքապետ Ռոպըրթ Ռեսթէյնօ, եկեղեցւոյ այցելու հովիւ՝ Արժպ. Տ. Զարեհ Ա. Քհն. Սահակեան, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամ՝ Սոնիա Կրէկեան։ Ճաշկերոյթէն ետք, գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը՝ Սառա Օհաննէսեանի (ջութակ) եւ Գայանէ Չուգասզեանի (պար) մասնակցութեամբ։
Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ Վեհափառ Հայրապետը սրտի խոր գոհունակութեամբ կ՚այցելէ իր այս թանկագին փոքրիկ հօտին, որուն այցելու հովիւը եղած էր 1970ական թուականներուն, երբ որպէս ուսանող իր ծառայութիւնը կը բերէր Թեմէս ներս իբրեւ այցելու հովիւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ։ Ապա հրաւիրեց Վեհափառը, որ իր պատգամը տայ։
Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց գաղութի ինքնութիւնը պահելու նախանձախնդրութիւնը։ Մէջբերելով քաղաքապետին խօսքը, ուրախութիւն յայտնեց, թէ հայ գաղութը իր դրական ներդրումով իր նպաստը կը բերէ քաղաքի յառաջդիմութեան։ Ան հրաժեշտ առաւ Ս. Յակոբի համայնքէն, որ հակառակ աշխարհագրական եւ ընկերային դժուարին պայմաններուն, խօսուն օրինակ մըն է հայ ոգիի վառ պահպանման, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հաւատարմութեան։