Մեր դպրոցներէն

ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՈՐԱԿԱՒՈՐՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ ԿԸ ՀԱՍՆԻ

Ազգային Առաջնորդարանի Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի գործակցութեամբ, ուսուցիչներու վերաորակաւորման եռամեայ ծրագիրը իր աւարտին կը հասնի այս շաբաթ Ֆիլատելֆիայի մէջ, ուր 12 Յունիսէն մինչեւ 18 Յունիս տեղի կ՚ունենայ յատուկ աշխատանոց մը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ եղաւ սոյն ձեռնարկին այսօր, Հինգշաբթի, 15 Յունիս։ Ան բարձրօրէն գնահատեց գործակցութիւնը «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան եւ Առաջնորդարանիս միջեւ եւ շեշտեց այս նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը, որ մանկավարժական մեթոտներով կը հաստատցնէ հարստացնելով ուսուցիչները։ Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց հայկական բաժանմունքի տնօրէն՝ տիար Ռազմիկ Փանոսեանին, եւ արեւմտահայերէնի ծրագրի պատասխանատու՝ տիկ. Անահիտ Կարմիրեանին։ Նաեւ գնահատեց Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէն՝ տիկ. Մարի Կիւլիւմեանի ներդրումը այս ծրագրի յաջողութեան։

Սրբազան Հայրը բարձրօրէն դրուատեց այս ծրագրին մասնակցող ուսուցիչներու յանձնառութիւնը, որոնք հաւատալով ինքնահարստացումի ոգիին, ամենայն հետեւողականութեամբ լիցքաւորուեցան այս ծրագրի բարիքներով։ Այս առթիւ նաեւ Սրբազան Հայրը մասնակցող ուսուցիչներուն ներկայացուց վկայագիր մը «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան եւ Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի կողմէ։ Վկայականներ ստացան հետեւեալ ուսուցչուհիները՝ Սիլվա Պետեան, Մակի Նալպանտեան, Սարին Քոֆթիքեան-Օլտըն, Լենա Կարապետ, Զեփիւռ Տօնոյեան, Նայիրի Մանճիկեան, Սիլվա Կոտիկեան եւ Մարինա Եագուպեան։